Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ նշեց. «Ֆրանսան կ՛ողջունէ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու ծրագիրի առաջին փուլի նպատակներու իրագործման յայտարարութիւնը: Այս յառաջընթացը կարեւոր քայլ է դէպի իր բոլոր հողերուն վրայ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան վերականգնման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ լիբանանեան իշխանութիւններուն` իրենց ստանձնած յանձնառութիւններուն յարգումը»:

Պարրօ նաեւ ընդգծեց զինադադարի հսկողութեան Մեքանիզմի յանձնախումբի առանցքային դերակատարութիւնը` համակարգումով ՖԻՆԻՒԼ-ին հետ, «որուն ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը տակաւին անհրաժեշտ կը մնան հարաւային Լիբանանի կայունութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան համար»:

«Ֆրանսա լիբանանեան իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` երկրորդ փուլի ձեռնարկման ճամբով վճռականօրէն շարունակելու այս հոլովոյթը` տեւական կերպով ամրապնդելու համար պետութեան իշխանութիւնն ու բնակչութեան անվտանգութիւնը: Ֆրանսա նաեւ Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղէ ինքնազսպումի եւ ետ կանգնելու որեւէ արարքէ, որ կրնայ լարուածութեան մագլցումի յանգեցնել», շեշտեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

Պարրօ վերահաստատեց Ֆրանսայի հաստատ աջակցութիւնը լիբանանեան զինեալ ուժերուն, «որոնք Լիբանանի գերիշխանութեան եւ կայունութեան հիմնաքարը կը նկատուին, եւ կ՛ընդգծէ իր ամբողջական յանձնառութիւնը լիբանանեան զինեալ ուժերու աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի նկատմամբ»:

«Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր գործընկերներուն կողքին իր ջանքերը` տեւական խաղաղութեան ճամբուն վրայ աջակցելու Լիբանանին եւ յարգելու անոր գերիշխանութիւնն ու հողերու անվտանգութիւնը», յայտնեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

 

Leave a Comment