Մըթրի. «Ապահովական Մարմինները Պէտք Է Ստուգեն Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Նախկին Վարչակարգի Համակիրներու Շարժումներուն Մասին Տեղեկութիւնները»
Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախկին վարչակարգի համակիրներուն կողմէ շարժումներու մասին լրատուամիջոցներուն մէջ եւ մարդոց միջեւ շրջանառուող լուրերը մտահոգիչ են»: «Լիբանանեան ապահովական մարմինները պէտք է ստուգեն անոնց ճշգրտութիւնը եւ պատշաճ քայլեր որդեգրեն, որովհետեւ ատիկա անոնց պարտականութիւնն է», աւելցուց ան: «Անոնք եւ մենք բոլորս պէտք է գիտակցինք Լիբանանի մէջ կամ այստեղէն մեկնարկուող Սուրիոյ հողային … Read more