Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Անժխտելի իրականութիւն է, որ այսօր տպագիր օրաթերթի գոյատեւումը դարձած է մեծ մարտահրաւէր` թէ՛ նիւթական առումով, թէ՛ մարդուժի, թէ՛ ալ ընթերցողներու թիւի նուազումին բերումով. ցաւալի իրականութիւն է նաեւ, որ այսօր տպագիր մամուլին նկատմամբ հետաքրքրութեան մեծ նահանջ արձանագրուած է, ի զուր չէ, որ օրաթերթեր կը վերածուին շաբաթաթերթերու, իսկ տպագիր մամուլը կը դադրի` փոխարինուելով ելեկտրոնայինով:
Հակառակ այս բոլորին` «Ազդակ»-ի ընտանիքն ու անոր պատասխանատուները վճռած են շարունակել «Ազդակ»-ի տպագիր ամէնօրեայ տարբերակը` յաղթահարելով բազում դժուարութիւնները: Ասոր կողքին, անշուշտ, կը գործեն` «Ազդակ»-ի կայքէջը, ընկերային ցանցերու էջերը, արագ լրահոսը, «Թելեկրամ»-ի եւ «Ուաթսափ»-ի հարթակները` փորձելով ո՛չ թէ անպայման ընթերցողը հրաւիրել այցելելու մեզի, այլ մենք արագօրէն հասանելի դառնանք իւրաքանչիւրին անբաժանելի ընկերոջ` բջիջիային հեռաձայնի ընդմէջէն: Այս փորձին արդիւնքը բաւական տպաւորիչ եւ արդիւնաւէտ է, մեծ է թիւը Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս ապրող ընթերցողներուն, որոնք «Ազդակ»-ի տուեալ էջերուն ու հարթակներուն շնորհիւ կապ կը պահեն արտաքին աշխարհին հետ, հաղորդ կը դառնան Հայաստանի, Արցախի, հայութեան վերաբերող արեւմտահայերէնով խմբագրուած լուրերու եւ յօդուածներու ճամբով:
2025-ը իրեն հետ բերաւ որոշ խաղաղութիւն, որ նպաստեց «Ազդակ-ի աշխատանքներու առաւել հեզասահ ընթացքին:
«Ազդակ»-ի Լրագրողը Կը Մասնակցի Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասման
Վատիկանի մէջ Ցեղասպանութեան նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման առիթով, 18-21 հոկտեմբեր Հռոմ մեկնեցաւ եւ արագ լրահոսով, լուրերով, զրոյցներով եւ թղթակցութեամբ սրբադասումն ու անոր նախորդած եւ յաջորդած նախաձեռնութիւններուն մասին տեղեկագրեց այս առիթով յատուկ Վատիկան հրաւիրուած «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան:
Սրբադասման նախօրեակին ան զրոյց ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս- պատրիարքին հետ` Ի. Մալոյեանի սրբադասման եւ կայանալիք արարողութեան մասին, յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ այս բոլորէն ներկայիս քաղուելիք դասերուն ու յղուած պատգամներուն:
Ն. Բարսեղեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ` Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս- պատրիարքի միջեւ հանդիպման, 19 հոկտեմբերին Վատիկանի Ս.Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման հանդիսաւոր արարողութեան, ինչպէս նաեւ` Վատիկանի մէջ այս առիթով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի մատուցած գոհաբանական Ս. պատարագին:
«Ազդակ» եղաւ միակ սփիւռքահայ լրատուամիջոցը, որ Վատիկանի մէջ սրբադասման պահուն վայրկեանը վայրկեանին լրահոսի ճամբով տեղեկացուց արարողութեան մանրամասնութիւններուն մասին:
«Սիրուհի Պուտագեան» Նորաստեղծ Մատենաշարին Առաջին Հատորին` Յարութ Չէքիճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմաւորումը Եւ Սեւրի Դաշնագիրը» Գիրքին Շնորհահանդէս
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, 20 յունիս 2025-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթին նորաստեղծ մատենաշարին առաջին հատորին` Յարութ Չէքիճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Գալեմքէրեան:
Անկէ ետք «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» խորագրեալ հատորը հանգամանօրէն ներկայացուց Սեդա Խտըշեան, որ դիտել տուաւ, թէ 700 էջերէ բաղկացած այս գիրքը կը վերծանէ ժամանակակից Հայոց պատմութեան ամէնէն սխրալի, հերոսական եւ բարոյական արժէքները` լուսարձակի տակ բերելով առանցքային դէմքեր ու դէպքեր` Հայաստանի անկախութեան վերաբերող:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կարօ Յովհաննէսեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ պատմութեան ընթացքին մեկենասներու կարեւորութիւնը, որոնց շնորհիւ է, որ մեզի հասած են մեր հին, միջնադարեան եւ մերօրեայ գրականութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ մեկենասութեան առաջադրանքով հաստատուած կարգ մը ֆոնտերուն, յիշեց յատկապէս անոնք, որոնք մօտ եղած են գրականութեան, եւ ողջունեց հիմնումը «Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտին, որ մեծ դեր ունի կատարելիք մեր հրատարակչական կեանքին մէջ:
Իր սրտի խօսքը ուղղեց գիրքին հեղինակը` Յարութ Չէքիճեան: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ մասնագիտութեամբ բնագիտութիւն ուսանած է, բայց նման աշխատանքի նախաձեռնած է` հաւատալով, որ Հայոց պատմութիւնը մեր բոլորի՛ն պատմութիւնն է, եւ ոեւէ գիտութեան ենթահող ունեցող անձ մը ճշգրիտը, առարկայականը կը գրէ, «զգացական մօտեցում» չ՛ունենար:
Հեղինակը լուսարձակի տակ առաւ այն պատճառները, որոնք զինք մղած են` գրելու, կարդալու, ազգային խմորումով թրծուելու, նախ` ընտանիքը, ապա ուսուցիչը` Յակոբ Թութիկեանը, ՀՄԸՄ-ը, Հայկազեան համալսարանը, իսկ պրպտումներ կատարելու առումով փորձառութիւն եղած է ուսանողական տարիներուն իր դասախօսին համար կատարած հետազօտական մէկ աշխատանքը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կենսատարրաբանութեան տարրալուծարանին մէջ:
Յարութ Չէքիճեան հաստատեց, որ այս բոլորը հիմք հանդիսացան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, առանց վարանելու, յօդուածաշարք մը պատրաստելու ձեռնարկէ` ինքնավստահ ու լաւատես:
«Ազդակ» օրաթերթին անունով խօսք առաւ տնօրէն, խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան, որ խօսելով նորահաստատ ֆոնտին մասին` ըսաւ, որ երկար տարիներ թերթին աջակցած, տարբեր ծրագիրներ հովանաւորած, խմբագրատուն վերակառուցած եւ մամլոյ ուսումնասիրութեան եւ թուայնացման կեդրոն հաստատած Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեանները, «Ազդակ»-ի խմբագրատան վերակառուցումը իրենց հօր Մինաս Պուտագեանի յիշատակին նուիրելէ, իսկ թուայնացման բաժինը իրենց հօրեղբօր անունով` «Ժիրայր Պուտագեան» անուանակոչելէ ետք, այս անգամ կը հաստատեն «Սիրուհի Պուտագեան մատենաշար»-ի ֆոնտը, որ յաջորդաբար պիտի շարունակէ լոյսին բերել «Ազդակ»-ի աշխատակիցներուն յօդուածներուն հաւաքածոները:
Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ բարձր գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, ողջունեց նոր գիրքի հրատարակութիւնն ու ֆոնտի ստեղծումը` հաստատելով, որ Սարգիս Պուտագեանը ծանօթ է նման նախաձեռնութիւններ հովանաւորելով եւ տարբեր ծրագիրներու իրականացման համար իր բերած աջակցութիւններով:
«Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտի հիմնադիր Սարգիս Պուտագեան, իր կարգին, յայտնեց, որ տարբեր միջավայրերու մէջ դասախօսներ, ակադեմականներ, որոնք արհեստավարժ են, կը վարձատրուին իրենց մասնագիտական ասպարէզին մէջ դասախօսելու կամ աշխատասիրութիւն պատրաստելու համար: Մեր իրականութեան մէջ նման բարձրորակ մասնագէտներ կամաւոր կը ստանձնեն այս աշխատանքները: Անոնց ոչ միայն նեցուկ պէտք է կանգնիլ, այլ նաեւ` արժեւորել զիրենք:
Այնուհետեւ ան «Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտին կողմէ գնահատագիրներ յանձնեց` Յարութ Չէքիճեանին, Սեդա Խտըշեանին եւ Կարօ Յովհաննէսեանին:
Շնորհահանդէսի աւարտին ներկաները ստացան հատորէն օրինակներ` հեղինակին մակագրութեամբ:
– Նշենք որ, 22 օգոստոս 2025-ին իր մահկանացուն կնքեց «Ազդակ»-ի եւ ընդհանրապէս հայ մամուլի երկարամեայ աշխատակից, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական եւ ազգային գործիչ Յարութիւն Չէքիճեանը:
Սեդա Մարկոսեան–Խտըշեանի «Մեր Տունը» Հատորի Շնորհահանդէս Եւ Ներկայացում
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի, ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ լիբանանահայ գրասէր լսարանի:
Այս հատորի եւ իր հեղինակին արժեւորման համար յատկապէս Լիբանան ժամանած էին Ֆրանսայի թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, Հայաստանի Հանրապետութենէն սփիւռքի հիմնադիր նախարար դոկտ. Հրանուշ Յակոբեան, Զուիցերիոյ կրօններու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան: Հայաստանէն եւ սփիւռքէն ժամանած դասախօսներու շարքին բանախօսեց լիբանանահայ կրթական եւ հասարակական գործիչ, մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան:
«Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակից Սէրուժ Խանճիհանեան բացումը կատարեց երեկոյին եւ վարեց շնորհահանդէսը: Աւարտին, Սեդա Մարկոսեան Խտըշեան փոխանցեց իր շնորհակալական խօսքը, որմէ ետք գինեձօնը կատարեցին յայտագիրին մասնակցողներն ու կազմակերպիչները:
Սարգիս Կիրակոսեանին Անունը Կրող Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ
Սփիւռքահայ գրականութեան եւ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգած բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ, խմբագիր, կրթական, մշակութային եւ հասարակական գործիչ, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակը անմահացնելու նպատակով, 14 օգոստոս 2025-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ բացումը կատարուեցաւ «Սարգիս Կիրակոսեան» արխիւային բաժինին:
«Ազդակ»-ի կողմէ խօսք առաւ պատասխանատու խմբագիր Ժաք Յակոբեան, որ անդրադարձաւ Կիրակոսեանի վաստակին, յատկապէս` «Ազդակ»-ի հետ սերտ կապին:
Ապա Սարգիս Կիրակոսեանին եւ անոր գրական բեղուն գործունէութեան մասին իրենց յիշատակները պատմեցին եւ վկայութիւնները տուին անոր գրչընկերներ Յարութիւն Պէրպէրեանը եւ Համբիկ Մարտիրոսեանը:
Անկէ ետք խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեանին դուստրը` դոկտ. Մեղրի Կիրակոսեան-Սարգիսեան, որ ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան` հօրը յիշատակին կատարուած այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար:
«Գրիգոր Եւ Զուարթ Աբգարեան Ծանուցումներու Գրասենեակ»` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ
Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի ծնողքին` Գրիգոր եւ Զուարթ Աբգարեաններուն անուով կոչուեցաւ «Ազդակ»-ի վարչական բաժինի ծանուցումներու գրասենեակը:
Յայտնենք, որ Պերճ Աբգարեան տարբեր առիթներով կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ «Ազդակ»-ի ծրագիրներուն` բարձր գնահատելով ընդհանրապէս սփիւռքահայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ»-ին իրականացուցած բազմաբնոյթ աշխատանքները:
«Վաչէ Եւ Կարինէ Վասիլեան» Աշխատասենեակ
«Ազդակ»-ի աշխատասենեակի անուանակոչումներու շարքին, քարտուղարութեան սենեակը կոչուեցաւ ֆրեզնոյաբնակ տէր եւ տիկ. տոքթ. Վաչէ եւ տոքթ. Կարինէ Վասիլեան անունով:
Մամլոյ Առցանց Լսարաններ
«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանները շարունակուեցան առցանց: Լսարանները վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
– «Ազդակ»-ի 73-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 23 յունուար 2024-ին: «Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան նորագոյն միտումները» նիւթին մասին դասախօսեց թրքագէտ, ակադեմիկոս փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան:
– 74-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ 20 փետրուար 2025-ին` «Ճրագացն օրհնութեան «Լոյս զուարթ» բնագիրներ եւ եղանակներ» թեմայով: Դասախօսեց Փրակայի Քարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան:
– 75-րդ լսարանը շարքէն տարբեր էր իր բնոյթով: Անիկա յատկացուած էր քննարկման «44. Պարտութիւն» խորագիրը կրող գիրքին, որ լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայկական բաժանմունք»-ին աջակցութեամբ: Քննարկումը վարեց դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, մասնակցեցան գիրքի համահեղինակներ դոկտ. Վիգէն Չթըրեան եւ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:
– 76-րդ առցանց լսարանին դասախօսն էր դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան: Ներկայացուեցաւ արխիւային տուեալներու եւ հետազօտական աշխատանքի արդիւնքներու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւնը, որուն խորագիրն էր` «Եւրոպայի հայ ուսանողութիւնը եւ Ակնունին»:
– 77-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 22 մայիս 2025-ին, դասախօսն էր Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան: Նիւթ` Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւնները:
– 78-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 19 յունիսին, նիւթ` «Արցախեան հակամարտութեան չփակուած էջը», դասախօս` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ դոկտ. Վահրամ Բալայեան:
– 79-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 17 յուլիս 2025-ին, դասախօսն էր պատմաբան դոկտ. Համօ Սուքիասեան, նիւթ` «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եւ եւրոպական միտքը»:
– 80-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 26 սեպտեմբեր 2025-ին: Նիւթն էր` «Հայերը եւ Ամերիկայի ու Գերմանիոյ ցեղային քաղաքականութիւն», դասախօսը` պատմաբան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան:
– 81-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ 16 հոկտեմբերին, նիւթն էր` «Հայ-ճափոնական միջպետական յարաբերութիւնները եւ հայագիտութիւնը Ճափոնի մէջ»: Դասախօսն էր Թոքիոյի համալսարանի օտար լեզուներու բաժնի դասախօս դոկտ. Թաքայոքի Եոշիմուրա:
– 82-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ 27 նոյեմբեր 2025-ին: Լսարանին դասախօսեց հակամարտութիւններու լուծման փորձագէտ, «Քարթըր» կեդրոնի նախկին տնօրէն Հրայր Պալեան: Նիւթն էր` «Թրամփի ուղի»-ի յայտարարուած եւ չյայտարարուած կէտերը»:
«Ապագայ Լրագրող»-ներու Դ. Փուլի Մասնակիցները Ստացան Իրենց Հաստատագիրները
24 մայիս 2025-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ» լրագրողական վարժողական ծրագիրի Դ. փուլի մասնակիցները ստացան իրենց հաստատագիրները:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու Ա., Բ. եւ Գ. փուլերուն մասնակիցները:
13 աշակերտներ Լիբանանի հայկական վարժարաններէն, որոնց շարքին` Ազգային Միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, ինչպէս նաեւ` Հայկազեան համալսարանէն, միացան այս ծրագիրին եւ աշխուժ կերպով հետեւեցան նախաձեռնութեան պարփակած բոլոր մանրամասնութիւններուն:
«Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան իր արտասանած խօսքով անդրադարձաւ ծրագիրին մասնակիցներուն կատարած աշխատանքին` արժեւորելով անոնց հետեւողականութիւնը:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէն, գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ իբրեւ օրաթերթ «Ազդակ»-ի խմբագրած սովորական եւ ելեկտրոնային թիւերուն կողքին, անոր իրականացուցած տարբեր գործառոյթներուն, ինչպէս` առցանց լսարաններուն, թուայնացման աշխատանքներուն, խմբագրական քննարկում-ժողովներուն, այլ հաստատութիւններու հետ գործակցութեան, «Ազդակ»-ի արխիւի մատենագիտական պատրաստութեան:
Շ. Գանտահարեան շեշտեց, որ «Ազդակ»-ի բազմաթիւ ծրագիրներու կողքին կայ նաեւ մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրը, որ «Ապագայ լրագրողներ» լրագրողական վարժողական ծրագիրն է:
Ապա տեղի ունեցաւ հաստատագիրներու յանձնում:
Դ. փուլի մասնակիցներն էին` Էնտրիւ Քէօմպէճեան, Արեւիկ Գազանճեան, Սելին Պէրպէրեան, Ծիլա Գարտաշեան, Հրայր Գասպարեան, Գէորգ Մարգարեան, Լիւսի Գասեմճեան, Քրիստափոր Թազեան, Թիֆընի Իտ, Նորա Գէորգեան, Սէրլի Նեմշեհիրլեան, Մեղրի Սալպաշեան եւ Քարլա Ռուպէլեան:
Նշենք, որ հաստատագիրներու յանձնումին առիթով «Ազդակ»-ի 24 մայիս 2025-ի թիւին մէջ լոյս տեսան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ստորագրութիւնները կրող գրութիւններ
Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի Նուէրը` «Ազդակ»-ին
Սփիւռքահայ հանրածանօթ արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեան այցելեց «Ազդակ» եւ նուիրեց իր տպաւորիչ գործերէն մէկը:
Ան նաեւ տնօրէնութեան յանձնեց իր ստեղծագործութիւնները ամփոփող երկու հրատարակութիւն. առաջինը` արուեստագէտին ստեղագործական գործունէութեան 60-ամեակին առիթով հրատարակուած, երկրորդը` 2023-ին կերպարուեստի գործերը ներկայացնող:
Մոնրէալի, քեպեքեան տարբեր քաղաքներու, Պէյրութի, Թորոնթոյի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի եւ Օթթաուայի մէջ տարիներու ընթացքին Գրիգոր Ակոբեան արուեստասէր հանրութեան ներկայացած է 64 ցուցահանդէսներով:
Արուեստագէտի վաստակին «Ազդակ» տարբեր առիթներով արձագանգած է եւ տակաւին պիտի շարունակէ արձագանգել` հարցազրոյցներով, թղթակցութիւններով եւ անոր ստեղագործութիւններու մասին արուեստաբանական վերլուծումներով:
«Ազդակ»-ի Շաբաթօրեայ Հանդիպումները
Շաբաթական հերթականութեամբ «Ազդակ»ի խմբագրատուն կը հաւաքուին կուսակցական ընկերներ, մամլոյ գործիչներ եւ տարբեր ձեռնարկներու դասախօսելու համար Լիբանան հիրաւիրուած Հայաստանէն թէ սփիւռքէն մտաւորականներ:
Այս հանդիպումները առիթ են զրուցելու համահայկական նիւթերու, հայութիւնը տագնապեցնող հայրենական թէ սփիւռքեան խնդիրներու մասին:
Այցելութիւններ` «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն
«Ազդակ»-ի խմբագրատունը շարունակեց հիւրընկալել Լիբանանէն, Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, եւ ընդհանրապէս տարբեր առիթներով Լիբանան այցելած հիւրեր:
Այս հանդիպումները առիթ հանդիսացան զրուցելու եւ քննարկելու ոչ միայն մամուլին վերաբերող հարցեր, այլ նաեւ` հայկական աշխարհը յուզող խնդիրներ:
Յատկանշական եւ յուսադրիչ էին հայկական տարբեր վարժարաններու աշակերտներուն տուած այցելութիւնները` «Ազդակ»-ին ու անոր աշխատանքային ընթացքին ծանօթանալու նոր սերունդին փափաքը:
Յատուկ Թիւեր Եւ Նոր Տարուան Բացառիկ
Հակառակ երկրի մէջ տիրող տնտեսական ծանր կացութեան, «Ազդակ» շարունակեց պահել աւանդութիւնը` տպագիր լոյսին բերելով «Ազդակ»-ի ապրիլ 24-ի եւ Նոր տարուան բացառիկները, որոնք, սակայն, փոխեցին իրենց աւանդական ձեւաչափը` լոյս տեսնելով յաւելուածի տեսքով:
Ասոնց կողքին, մայիս 28-ի իր առօրեայ թիւի բովանդակութիւնը ամբողջովին տրամադրեց հայոց ժամանակակից պատմութեան ամէնէն մեծ իրադարձութեան մասին վերլուծական եւ արխիւային բնոյթ ունեցող յօդուածներու, որոնք կը պատկանին «Ազդակ»-ին աշխատակցող յօդուածագիրներու:
Դժուար է այսօր արեւմտահայերէնով լոյս տեսնող օրաթերթին նկատմամբ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը ունենալը, երբ նկարն ու տեսանիւթը ողողած են համացանցն ու ընկերային ամբողջ էջերը, սակայն «Ազդակ» կը շարունակէ իր գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կը ծաւալէ գոյատեւելու եւ նորանոր հարթակներ նուաճելու աշխատանք` միշտ գիտակցելով, որ մեր առաքելութեան հաւատացողները պիտի կանգնին մեր կողքին, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել հինէն եկող ու դէպի ապագայ տանող երթը եւ` հայ գիրը, գրականութիւնը, մշակոյթն ու արժէքները պահպանել եւ փոխանցել նորահաս սերունդներուն:







