Մխիթարեանի Մաղթանքները – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ամէն տարուան նման, Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ եւ Իտալիոյ փոխախոյեան Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Ամանորի իր մաղթանքները ուղղած է ամբողջ հայութեան ու Հայաստանին եւ ըսած. «Այս առանձնայատուկ օրը կը ցանկամ բոլորիդ փոխանցել իմ ջերմ բարեմաղթութիւններս: Թող խաղաղութիւնը, սէրը եւ բարեկեցութիւնը միշտ ուղեկցին ձեզի: Կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ քաջառողջութիւն այս տարի եւ ապագային: Չէի կրնար Ամանորի ուղերձը գրել առանց առանձնայատուկ յիշելու մեր այն հայրենակիցները, որոնք ապօրինի ձեւով կը պահուին «դրացի» երկրի բանտերուն մէջ: Թող այս տարին դառնայ նոր յոյսերու եւ դէպի տուն ապահով վերադարձի տարի: Թող աշխարհը վերջապէս գործէ յանուն արդարութեան եւ ազնուութեան: Շնորհաւոր Նոր տարի»:

Leave a Comment