Աուն Այցելեց Յունաստան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Աթենք, ուր հանդիպում ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակից Քոնսթանթինոս Թասուլասի հետ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին ցուցաբերուած քաղաքական, մարդասիրական ու զինուորական տեւական աջակցութեան համար: «Աշխատանք կը տանինք տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու, ինչ որ կը ծառայէ անոնց հասարակաց շահերուն», յայտարարեց Աուն: «Լիբանանի կայունութիւնը անհրաժեշտ է շրջանի … Read more

Պըրրի. «Գոյութենական Վտանգները Ոչ Ոքի Իրաւունք Կու Տան Շրջագծային Համաձայնութեան Կամ Որեւէ Գաղտնի Յաւելուածներու Վերնագիրին Տակ Գործել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման տարեկան ոգեկոչման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ գոյութենական վտանգները ոչ ոքի իրաւունք կու տան շրջագծային համաձայնութեան կամ որեւէ գաղտնի յաւելուածներու տակ գործելու, եւ մերժեց լիբանանեան բանակի դերը կասկածի տակ առնելը: Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ վերաշինութիւնը պետութեան պատասխանատուութիւնն է, եւ հարաւային Լիբանանի աշխարհագրութիւնը գետէն … Read more

Յունաստան Լիբանանին Մատակարարած Է Զինուորական Մեքենաներու Երկրորդ Քանակը

Յունաստան լիբանանեան զինեալ ուժերուն մատակարարած է զինուորական սպառազինութեան երկրորդ քանակը` շարունակելով իր աջակցութիւնը լիբանանեան բանակի գործառնական կարողութիւններուն եւ ապահովութեան: Մատակարարումը տեղի ունեցած է շաբաթ օր, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ: Բեռնափոխադրումը բաղկացած էր տասներեք «Էմ 113» զրահապատ մեքենաներէ եւ տասը ընդհանուր նշանակութեան զինուորական մեքենաներէ, որոնք նկարագրուած են իբրեւ ամբողջովին գործունակ եւ յագեցած: Տրամադրուած են նաեւ մեծ քանակութեամբ … Read more

Հմայետ. «Իսրայէլեան Վտանգին Դիմակայումը Կը Պահանջէ Ներքին Միասնութիւն, Որ Հեռու Է Ստրկամիտ Քաղաքականութենէն»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հմայետ յայտնեց. «Լիբանան կը դիմագրաւէ իսկական վտանգ մը, որ իսրայէլեան բռնագրաւումն ու ախորժակներն են»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել ներքին միասնութիւնը եւ կառչիլ ուժի գործօններուն, որոնք հայրենիքը կը պաշտպանեն եւ անոր հողն ու գերիշխանութիւնը կը պահպանեն: «Լիբանան սիոնական ախորժակներուն դիմաց պէտք է անառիկ ըլլայ», նշեց երեսփոխանը: Հմայետ շեշտեց, … Read more

Իզէտտին. «Իշխանութիւնը Շրջագծային Համաձայնութիւնը Ընդունելով Իսրայէլեան Բռնագրաւումը Օրինականացուց»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Լիբանանի իշխող անիրաւ ու դաւադիր քաղաքական իշխանութեան կողմէ պատուաւոր Դիմադրութեան դէմ ստորագրուած շրջագծային համաձայնագիրը մեզի ամօթ ու անպատուութիւն բերաւ: Թշնամիին հետ ուղիղ բանակցութիւնները չկրցան ապահովել զինադադար, զինուորական գործողութիւններու դադրեցում կամ Իսրայէլի Լիբանանի տարածքէն հեռացում: Աւելի՛ն, այս իշխանութիւնը, որ հիասթափուած է եւ պարտուած իր կամքով ու քաղաքական դիրքորոշումով, … Read more

Բլոգեր Անկիտ Բալիյանին անհայտ անձը կյանքից զրկել է մարզասրահից դուրս գալիս

Հնդկաստանում անհայտ անձինք սպանել են հայտնի երգիչ և բլոգեր Անկիտ Բալիյանին։ Ինչպես հաղորդում է News9-ը, հարձակումը տեղի է ունեցել Ուտար Պրադեշ նահանգի Շամլի քաղաքում՝ մարզասրահի մոտ։ Ըստ ոստիկանության և ականատեսների տվյալների՝ չորս անհայտ անձինք սպասել են 32-ամյա արտիստին մարզասրահի մուտքի մոտ։ Երբ երգիչը դուրս է եկել շենքից և ուղղվել դեպի իր ամենագնացը, նրա ուղղությամբ կրակ … Read more

ՄԻԵԴ-ին Գանգատ` Ազրպէյճանի Մէջ Բանտարկուած 15 Հայերու Իրաւունքներու Խախտումներուն Վերաբերեալ

21 օգոստոսին, իրաւապաշտպան, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած է խմբային գանգատ` Ազրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ պահուող հայ գերիներու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնէն: Գանգատը ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, … Read more

Պիշքեքի Մէջ. Ալիեւ – Փաշինեան Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պիշքեքի մէջ` Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) վեհաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն: Ղեկավարները ընդգծած են 8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան վեհաժողովի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վկայութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ … Read more