Պըրրի. «Գոյութենական Վտանգները Ոչ Ոքի Իրաւունք Կու Տան Շրջագծային Համաձայնութեան Կամ Որեւէ Գաղտնի Յաւելուածներու Վերնագիրին Տակ Գործել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման տարեկան ոգեկոչման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ գոյութենական վտանգները ոչ ոքի իրաւունք կու տան շրջագծային համաձայնութեան կամ որեւէ գաղտնի յաւելուածներու տակ գործելու, եւ մերժեց լիբանանեան բանակի դերը կասկածի տակ առնելը:

Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ վերաշինութիւնը պետութեան պատասխանատուութիւնն է, եւ հարաւային Լիբանանի աշխարհագրութիւնը գետէն հիւսիս եւ հարաւ մասնատում կամ փորձնական շրջան չընդունիր: «Պիտի չ՛ընդունինք, որ ապահովական գօտի կամ արգելակիչ շրջան մը ըլլայ, զոհողութիւնները որքան ալ մեծ ըլլան», յայտարարեց Պըրրի:

Ան մերժեց Իսրայէլի դէմ անոր յարձակումին եւ ոճիրներուն համար դատական հայց յարուցելու Լիբանանի իրաւունքէն հրաժարիլ:

Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց շրջագծային համաձայնութեան մերժումը եւ նշեց. «Զգուշացուցինք կրակոցի տակ իսրայէլացի թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութիւններէն: Բանակցութիւններու 7 փուլ տեղի ունեցաւ. ի՞նչ էր արդիւնքը: Բռնագրաւուած տարածքները աւելցան, քանդումը աւելցաւ, նահատակներուն թիւը բարձրացաւ»:

Ան ընդգծեց, որ կառչած կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին:

 

 

Leave a Comment