Յունաստան Լիբանանին Մատակարարած Է Զինուորական Մեքենաներու Երկրորդ Քանակը

Յունաստան լիբանանեան զինեալ ուժերուն մատակարարած է զինուորական սպառազինութեան երկրորդ քանակը` շարունակելով իր աջակցութիւնը լիբանանեան բանակի գործառնական կարողութիւններուն եւ ապահովութեան:

Մատակարարումը տեղի ունեցած է շաբաթ օր, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ: Բեռնափոխադրումը բաղկացած էր տասներեք «Էմ 113» զրահապատ մեքենաներէ եւ տասը ընդհանուր նշանակութեան զինուորական մեքենաներէ, որոնք նկարագրուած են իբրեւ ամբողջովին գործունակ եւ յագեցած: Տրամադրուած են նաեւ մեծ քանակութեամբ պահեստամասեր:

Յունաստանի հիւպատոսարանի պետ Իկնաթիոս Փափատիմիթրիու, Յունաստանի դեսպանատան պաշտօնատարները եւ Յունաստանի զինեալ ուժերու գնդապետ, յունական զինուորական կցորդ Նիքոլաոս Սալփինկիտիս լիբանանեան բանակի սպաներու հետ միասին ներկայ էին արարողութեան:

Նոր քանակը կը յաջորդէ 16 յունուարին մատակարարուած առաջին քանակին, որ կը ներառէր նաեւ տասներեք «Էմ 113» զրահափոխադրիչներ եւ տասը «Սթէյր 680Էմ» 2,5 թոն ընդհանուր նշանակութեան մեքենաներ, ինչպէս նաեւ պահեստամասեր, որոնք տեղափոխուած էին Յունաստանի ծովուժի նաւով:

Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանատունը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Յունաստան կը շարունակէ իր շօշափելի աջակցութիւնը լիբանանեան զինեալ ուժերուն: Յունաստան հաստատակամօրէն կանգնած է Լիբանանի եւ լիբանանեան զինեալ ուժերու կողքին` աջակցելով լիբանանեան բանակի կարելիութիւններուն եւ Լիբանանի գերիշխանութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան»:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը նշեց, թէ նուիրատուութեան նպատակը բանակի գործողութիւններու կարողութիւնները ուժեղացնելն է` երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, եւ կ՛արտացոլէ երկու զինեալ ուժերու երկարամեայ համագործակցութիւնը:

Յունաստան Լիբանանին տրամադրուող օգնութիւնը որակած է իբրեւ Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ իր պաշտպանական դիւանագիտութեան մաս` բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններէ ետք, ներառեալ պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասի այցելութիւններէն եւ անոր լիբանանցի պաշտօնակիցին հետ հանդիպումներէն ետք:

Փոխադրամիջոցները ստացուած են Յունաստանի բանակի աւելցուկային պաշարներէն, որոնք սպասարկուած են Յունաստանի մէջ:

Մատակարարումները տեղի ունեցած են այն պահուն, երբ Լիբանանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն ջանքեր գործադրել անվտանգութիւնը պահպանելու եւ պետական իշխանութիւնը ընդլայնելու համար, ներառեալ հարաւային Լիբանանի մէջ:

Leave a Comment