Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Աթենք, ուր հանդիպում ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակից Քոնսթանթինոս Թասուլասի հետ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին ցուցաբերուած քաղաքական, մարդասիրական ու զինուորական տեւական աջակցութեան համար:
«Աշխատանք կը տանինք տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու, ինչ որ կը ծառայէ անոնց հասարակաց շահերուն», յայտարարեց Աուն:
«Լիբանանի կայունութիւնը անհրաժեշտ է շրջանի եւ Եւրոպայի կայունութեան համար, եւ այդտեղ որեւէ վերիվայրում ժխտական լայն հետեւանքներ ունի», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը` շեշտելով. «Տեւաբար մեր յոյսը կը կապենք մեր բարեկամներուն, նախ եւ առաջ` Յունաստանի օժանդակութեան»:
«Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը պատերազմներէն յոգնեցան, եւ Իսրայէլի հետ բանակցութեան նպատակը թշնամանքի իրավիճակին վերջ տալն է», նշեց հանրապետութեան նախագահը:
«Ամերիկեան հովանիի տակ համաձայնութիւն գոյացուցինք շրջագծային համաձայնագիրի շուրջ, եւ անիկա պէտք է ամբողջովին գործադրուի երկու երկիրներուն կողմէ` առանց ընտրողականութեան», ըսաւ ան:
Աուն խնդրեց, որ Յունաստանը կարելի եղածին չափ օգնէ համաձայնութեան գործադրութեան երաշխաւորման` աւելցնելով. «Ժամանակն է, որ Լիբանանը հանգչի, եւ մենք վճռած ենք վերջ տալ այս թշնամանքի կացութեան, եւ լուծումը դիւանագիտական է, ոչ թէ` պատերազմի ճամբով»:
Յունաստանի նախագահը իր կարգին յայտնեց. «Լաւ գիտենք Լիբանանը առաջնորդելու ձեր ուսերուն դրուած մեծ պարտականութիւնը, վստահ ենք, որ պիտի յաջողիք, եւ մենք ձեր կողքին ենք»:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ, որուն հետ քննարկեց յետ ՖԻՆԻՒԼ-եան փուլը:
Միցոթաքիս հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանին մեր զօրակցութիւնը խօսք չէ, մենք պատրաստ ենք առաւել եւս աջակցելու` ամրապնդելու համար լիբանանեան զինեալ ուժերը, որպէսզի անոնք կարենան լիբանանեան գերիշխանութիւնը կիրարկել երկրին բոլոր հողերու վրայ»:
«Նախագահ Աունի հետ քննարկեցինք ՖԻՆԻՒԼ-ին յաջորդող փուլը եւ ապահովական բաց չստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Լիբանանեան զինեալ ուժերը պէտք է հիմնական դերակատարութիւն ունենան», ըսաւ ան:
«Կ՛աջակցինք Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն` անվտանգութեան պաշտպանութեան համար պատուիրակութիւն մը կազմակերպելու համար», նշեց Յունաստանի վարչապետը:
«Մենք հետաքրքրուած ենք ներդրումներ ապահովելու, առեւտուրը ամրապնդելու եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործընկերութիւնը խորացնելու համար Լիբանանի մէջ աշխատելով», ըսաւ Միցոթաքիս:
Նախագահ Աուն իր կարգին յայտնեց. «Մենք որեւէ դրացիի կամ ընկերոջ հետ մեր յարաբերութիւնները կը նկատենք մուտքի կէտ նմանատիպ յարաբերութիւններու համար առանց բացառութեան բոլոր դրացիներուն եւ բոլոր ընկերներուն հետ, այդ յարաբերութիւնները հիմնուած են մեր երկրի գերիշխանութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ ու նպատակ ունին հասնելու մեր բոլոր ժողովուրդներու բարօրութեան», ընդգծեց ան:
«Ես պատիւ կը նկատեմ այսօր ձեզի այցելելը, եւ ես յաւակնոտ եմ ու վստահ յաւակնութեանս մէջ` Լիբանանին ձեր շարունակական աջակցութեան համար բոլոր ոլորտներու մէջ»,ըսաւ ան:
«Ձեզի կ՛այցելեմ եւ անհամբեր կը սպասեմ Լիբանանին ձեր շարունակական աջակցութեան բոլոր հարթակներուն վրայ` ՄԱԿ-ի մէջ, ուր մենք կը քննարկենք ՄԱԿ-ի դերի հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակականութիւնը` փրկարարական ծրագիրին մէջ Լիբանանի պետութեան աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ, ուր մենք բանակցային ուղի կը փնտռենք մեր ազգային նպատակներուն հասնելու համար: Նաեւ Եւրոպական Միութեան մէջ, ուր մենք յոյս ունինք Լիբանանին ձեր շարունակական աջակցութեան նկատմամբ` միութեան բոլոր մակարդակներու վրայ աջակցելու ջանքերու ծիրին մէջ` մեր եւ Եւրոպայի միջեւ շուտով ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատելու մեր ձգտումով», յայտնեց նախագահը:
«Այսօր Պէյրութէն Աթէնք եկանք` ձգտելով սառեցնել պատերազմի ու չարիքի ժամանակները, որպէսզի բարիքն ու խաղաղութիւնը տիրեն ամբողջ երկրագունդին վրայ` մեր բարեկամութեան պատկերով եւ օրինակով», եզրափակեց նախագահ Աուն: