Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Լիբանանի իշխող անիրաւ ու դաւադիր քաղաքական իշխանութեան կողմէ պատուաւոր Դիմադրութեան դէմ ստորագրուած շրջագծային համաձայնագիրը մեզի ամօթ ու անպատուութիւն բերաւ: Թշնամիին հետ ուղիղ բանակցութիւնները չկրցան ապահովել զինադադար, զինուորական գործողութիւններու դադրեցում կամ Իսրայէլի Լիբանանի տարածքէն հեռացում: Աւելի՛ն, այս իշխանութիւնը, որ հիասթափուած է եւ պարտուած իր կամքով ու քաղաքական դիրքորոշումով, այս համաձայնագիրը ընդունելով օրինականացուցած է բռնագրաւումը եւ ոսկեայ սկուտեղի վրայ յանձնած այն, ինչ որ ստանալու մասին կ՛երազէր»:
«Այս իշխանութիւնը մեղսակից կը նկատուի թշնամիի բոլոր արարքներուն, մասնաւորաբար իւրաքանչիւր նահատակի եւ անմեղի արիւնահեղութեան», ըսաւ երեսփոխանը:
Ան քաղաքական իշխանութեան կոչ ուղղեց` «նախ եւ առաջ իր ժողովուրդէն եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի, Պեքայի եւ Հարաւային արուարձաններու ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաքի այն խօսքին, թէ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն հիմնական խնդիրը իրողական որոշում տալու կարողութիւնը ունեցող կողմերու` Իրանի եւ Հըզպալլայի բացակայութիւնն է, Իզէտտին նշեց. «Այս յայտարարութիւնը կը հաստատէ, որ Լիբանանի իշխանութիւնները թերի եւ անփոյթ են Լիբանանի շահերէն բխող իրենց ըմբռնման ու տեսլականին մէջ: Անոնք պիտի չհասկնան, թէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ըրածը զինադադարի եւ իսրայէլացի թշնամիի Լիբանանէն հեռացման հարցին մէջ Լիբանանին օգնելն էր:
«Պէտք է նշել, որ ասոնք Լիբանանի անունով բանակցութիւններ չէին, քանի որ Իրան կարիք չունի Լիբանանին կամ անոր ունեցածին, որովհետեւ ան շրջանային պետութիւն է»: