21 օգոստոսին, իրաւապաշտպան, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած է խմբային գանգատ` Ազրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ պահուող հայ գերիներու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնէն:
Գանգատը ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, հազարապետ-զօրավար եւ նախկին աւագ զինուորական հրամանատար Դաւիթ Մանուկեանի, դերզօրավար, Արցախի Պաշտպանական բանակի նախկին նախարար Լեւոն Մնացականեանի, ինչպէս նաեւ Մադաթ Բաբայեանի, Գարիկ Մարտիրոսեանի, Լեւոն Բալայեանի, Դաւիթ Ալլահվերդեանի, Վասիլի Բեգլարեանի, Էրիկ Ղազարեանի, Գուրգէն Ստեփանեանի եւ Մելիքսէթ Փաշայեանի վերաբերեալ:
Գանգատին մէջ կ՛արծարծուի Ազրպէյճանի կողմէ 15 հայերու նկատմամբ իրականացուած «դատավարութիւններու» անհամապատասխանութիւնը Ուխտի 6-րդ յօդուածով երաշխաւորուած արդար դատաքննութեան իրաւունքին: Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ իրականացուած «դատավարութիւնները» կրած են շինծու եւ կանխորոշուած բնոյթ` զուրկ ըլլալով անկախ եւ անաչառ քննութեան հիմնարար երաշխիքէն: Միեւնոյն ժամանակ, զինուորական դատարանը չէ ունեցած քաղաքային անձերու վերաբերեալ գործեր քննելու եւ դատական որոշումներ կայացնելու համապատասխան իրաւասութիւն:
Միաժամանակ, դատավարութենէն առաջ եւ ատոր ընթացքին Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները, ներառեալ նախագահ Իլհամ Ալիեւը, ամբաստանեալները հրապարակաւ ներկայացուցած են իբրեւ «ահաբեկիչներ», «զինուորական յանցագործներ» եւ «անջատողականներ»` նախքան անոնց մեղաւորութեան վերաբերեալ դատական վճիռի կայացումը: Նոյն մօտեցումը արտացոլուած է նաեւ Ազրպէյճանի պետական եւ իշխանամէտ լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն մէջ, ուր առաջադրուած մեղադրանքները ներկայացուած են իբրեւ հաստատուած փաստեր: Այսպիսով, մեղաւորութեան վերաբերեալ հանրային եւ պաշտօնական դիրքորոշումը ձեւաւորուած է դատական գործընթացի աւարտէն առաջ` խաթարելով անմեղութեան կանխավարկածը:
Գանգատին մէջ կ՛արծարծուին նաեւ պաշտպանութեան իրաւունքի խախտման հարցեր: Մասնաւորաբար, 422 հատորէ եւ շուրջ 105 հազար էջէ բաղկացած գործի նիւթերուն մեծ մասը հասանելի չէ եղած պատշաճ թարգմանութեամբ: Պաշտպանական կողմի` գործի նիւթերուն ծանօթանալու, թարգմանութիւններ ստանալու, բաւարար ժամանակ եւ կարելիութիւններ ունենալու եւ պաշտպանեալներու հետ արդիւնաւէտ հաղորդակցելու պահանջները մերժուած կամ անհարկի ձգձգուած են:
Պաշտպանութեան իրաւունքի խախտումները շարունակուած են նաեւ «դատավճիռի» տրամադրման եւ ատոր բողոքարկման փուլին: Գերիներուն կարելիութիւն տրուած է միայն կարդալու «դատավճիռը», որուն վրայ չեն եղած պաշտօնական կնիք կամ ատոր իսկութիւնը հաւաստող այլ վաւերապայմաններ:
Այս պայմաններուն մէջ կարելի չէ եղած ստուգել` արդեօք ընթերցման համար ներկայացուած բնագիրը «դատավճիռի» ամբողջական ու վերջնական տարբերա՞կն է, ինչպէս նաեւ երաշխաւորուած չէ եղած ատոր անփոփոխելիութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, «դատավճիռի» օրինակները ո՛չ գերիներու ընտանիքներուն, ո՛չ անվճար իրաւաբանական օգնութեան ծիրին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ նշանակուած փաստաբաններու տրամադրուած են. վերջիններուս հասանելի դարձած են միայն առանձին քաղուածքներ:
Հակառակ պաշտպանութեան իրաւունքի այս ակնառու սահմանափակումներուն, 6 օգոստոս 2026-ին վերաքննիչ դատարանը «դատավճիռն» ու ատով նշանակուած պատիժները ձգած է անփոփոխ` միջազգային ընտանիքին առջեւ բացայայտելով Ազրպէյճանի ներպետական իրաւական մեքանիզմներու համակարգային անարդիւնաւէտութիւնը` հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովման հարցին մէջ:
Գանգատին մէջ կ՛արծարծուին նաեւ Ուխտի 7-րդ յօդուածով երաշխաւորուած` առանց օրէնքի յանցագործութիւն եւ պատիժ չըլլալու սկզբունքի խախտման հարցը: Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս գերիներու զինուորական գործողութիւններուն մասնակցութիւնը կամ զէնք կրելը ինքնին չեն կրնար նոյնացուիլ ահաբեկչական կամ այլ յանցաւոր գործունէութեան հետ եւ հիմք ծառայել քրէական պատասխանատուութեան համար` առանց իւրաքանչիւր անձի վերագրուող որոշակի յանցաւոր արարքի եւ անհատական մեղքի հաստատման:
ՄԻԵԴ-ի հաւանական վճիռը կրնայ ունենալ թէ՛ իրաւական, թէ՛ ալ քաղաքական հետեւանքներ: Անիկա միջազգային դատական մակարդակով կասկածի տակ պիտի դնէ իրականացուած դատավարութեան եւ ատոր իբրեւ արդիւնք կայացուած «դատավճիռի» օրինականութիւնն ու իրաւական արժէքը` յառաջ բերելով իրաւունքի խախտումներու հետեւանքներու վերացման անմիջական պարտականութիւն:
Քաղաքական նպատակներով հետապնդումներու միջազգային դատական արձանագրումը էապէս կը չէզոքացնէ Ազրպէյճանի փորձը` ներպետական շինծու դատական գործընթացներու միջոցով իրաւական հաւաստիութիւն հաղորդելու հակամարտութեան վերաբերեալ սեփական պաշտօնական պատմոյթին: Այդ պարագային «դատավճիռը» կը կորսնցնէ իր նշանակութիւնը` իբրեւ հակամարտութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի միակողմանի պատմական եւ քաղաքական մեկնաբանութիւնը արտացոլող փաստաթուղթ` սահմանափակելով այդ «դատավճիռի» օգտագործումը միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական հարթակներու վրայ:
Գանգատը ներկայացուած է հասարակական գործուէութեան ծիրին մէջ` «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին» եւ «Արդարադատութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնին» հետ համագործակցութեամբ: