Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պիշքեքի մէջ` Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) վեհաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն:
Ղեկավարները ընդգծած են 8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան վեհաժողովի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վկայութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ստորագրուած միացեալ հռչակագիրի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի նախաստորագրման պատմական նշանակութիւնը:
Ազրպէյճանական նաւթամթերքի արտածումը Հայաստան, հացահատիկի եւ երրորդ երկիրներէ ծագող այլ ապրանքներու Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստան տարանցումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու հաստատումը ընդգծուած են իբրեւ խաղաղութեան ամրապնդման կարեւոր գործնական դրսեւորումներ: Ղեկավարները նաեւ ողջունած են գործարար համայնքներուն միջեւ հաղորդակցութիւնները եւ միտքեր փոխանակած փոխշահաւէտ տնտեսական, առեւտրական եւ ուժանիւթային համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման կարելիութիւններու վերաբերեալ:
Կողմերը նշած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով համապատասխան պետական յանձնախումբերու կարեւոր դերը եւ ընդգծած անոնց աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը` համաձայն երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն:
Ղեկավարները քննարկած են Ուաշինկթընի խաղաղութեան վեհաժողովի կարեւոր արդիւնքներէն մէկուն` «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) իրականացման առնչուած հետագայ գործնական քայլերը եւ ընդգծած ԹՐԻՓՓ-ի ծիրին մէջ կապակցուածութեան նախագիծերու կարեւորութիւնը:
Ղեկավարները դրական գնահատած են վստահութեան ամրապնդման ուղղուած խորհրդարանականներու եւ քաղաքային հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ հաղորդակցութիւնները` նշելով անոնց կարեւորութիւնը փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ խաղաղութեան աւելի լայն օրակարգի աջակցութեան գործին մէջ:
Փաշինեանն ու Ալիեւը համաձայնած են երկկողմանի անմիջական հաղորդակցութեան միջոցով շարունակել քայլերը` ուղղուած տեւական խաղաղութեան ամրապնդման, միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կապակցուածութեան ամրապնդման: