Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հմայետ յայտնեց. «Լիբանան կը դիմագրաւէ իսկական վտանգ մը, որ իսրայէլեան բռնագրաւումն ու ախորժակներն են»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել ներքին միասնութիւնը եւ կառչիլ ուժի գործօններուն, որոնք հայրենիքը կը պաշտպանեն եւ անոր հողն ու գերիշխանութիւնը կը պահպանեն:
«Լիբանան սիոնական ախորժակներուն դիմաց պէտք է անառիկ ըլլայ», նշեց երեսփոխանը:
Հմայետ շեշտեց, որ այս վտանգը դիմակայելու համար անհրաժեշտ են ներքին միասնութեան գործօններ եւ ներկայութիւն քաղաքական առաջնորդներու, որոնք կը հասկնան ներկայ փուլին բնոյթը եւ հեռու կը մնան «ստրկամտութեան, շողոքորթութեան եւ այս կամ այն քաղաքական ղեկավարին կեղծ գայթակղութիւններ առաջարկելու յամառութեան քաղաքականութենէն», հաշուի առնելով, որ այս գործելակերպը չի կրնար յանգեցնել ազգի միասնութեան, անոր կողմերու միասնութեան եւ լիբանանեան հողերու միասնութեան պահպանման: