Ըստ Ուքրանացի Երեսփոխանի Մը. Ամերիկացի Բանագնացներ Ուիթքոֆն Ու Քուշները Այս Կիրակի Կրնան Քիեւ Այցելել

Ամերիկացի բանագնացներ Սթիւըն Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները կրնան այս կիրակի` 6 սեպտեմբերին Քիեւ այցելել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի երեսփոխան Ալեքսէյ Կոնչարենքօ: «Ուիթքոֆն ու Քուշները, ամենայն հաւանականութեամբ, Քիեւ պիտի այցելեն կիրակի օր», գրած է ան: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ ամերիկացի երկու պատուիրակները մտադիր են մօտիկ ապագային Քիեւ … Read more

Փեսքով. «Հակառակ Փութինի Յայտարարութեան, Թէ Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղ Կարգաւորման Առիթներ Կան, Տակաւին Նման Ելքի Որոշակի Նախադրեալներ Չեն Ձեւաւորուած»

Հակառակ Փութինի յայտարարութեան, թէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ կարգաւորման առիթներ կան, տակաւին նման ելքի որոշակի նախադրեալներ չեն ձեւաւորուած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Ո՛չ, ատոր մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վերջին շրջանին յայտնուա՞ծ են խաղաղութեան նոր նախաձեռնութիւններ … Read more

Նարիշքին. «Ամբողջ Եւրասիոյ Տարածքին Լայնածաւալ Հակամարտութեան Ծագման Վտանգը Ամբողջովին Իրական Է»

Ամբողջ Եւրասիոյ տարածքին լայնածաւալ հակամարտութեան վտանգը ամբողջովին իրական է, ատիկա լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ԱՊՀ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութեան 22-րդ նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին: «Ամբողջ Եւրասիոյ տարածքին լայնածաւալ հակամարտութեան ծագման վտանգը ամբողջովին իրական է, եւ ատիկա … Read more

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Պէտք Է Կարենայ Պահպանել Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութիւնը` Անկախ Որեւէ Տարակարծութենէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնի Մոսկուա այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետախուզական գործակալութիւններուն միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներ հաստատելու ջանքերու շարունակութիւնն էր: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու պէտք է կարողանան պահպանել երկխօսութիւնը Ռուսիոյ հետ` անկախ որեւէ տարակարծութիւններէ: Ռուպիօ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ուքրանիան բանակցութիւններ կը վարեն Քիեւի հետ … Read more

Սիրանուշ Սահակեան. «Գերիները Կը Պահուին Բացարձակ Մեկուսացումի Պայմաններուն Մէջ»

Ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները «բացարձակապէս մեկուսացումի պայմաններու մէջ կը պահուին», երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ահազանգեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու շահերը ներկայացնող փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան: «Ֆիզիքական շփում արտաքին աշխարհին հետ գոյութիւն չունի. անոնք չեն տեսներ իրենց հարազատները, չեն տեսներ հիւպատոսական աշխատակիցները, չեն տեսներ անկախ բժիշկներ, փաստաբաններ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներ, … Read more

Գագիկ Ծառուկեան Պիտի Մնայ Կալանքի Տակ

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը եւս երկու ամիսով պիտի մնայ կալանքի տակ: Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը դռնփակ նիստի ընթացքին քննելով գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը եւս 2 ամիսով երկարաձգելու` մեղադրող կողմի միջնորդութիւնը, որոշեց բաւարարել զայն:

Եւրոպական Խորհրդարանի Միջազգային Առեւտուրի Յանձնախումբը Հաւանութիւն Տուած Է Հայաստանի Համար Մաքսատուրքերու Ժամանակաւոր Վերացման

Եւրոպական խորհրդարանի Միջազգային առեւտուրի յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն ներածուող ապրանքներու լայն շրջանակի համար մաքսատուրքերու ժամանակաւոր վերացման` Ռուսիոյ կողմէ հայկական արտածման նկատմամբ սահմանուած առեւտրական սահմանափակումներու պատճառով ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ: Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցած առաջարկը 3 սեպտեմբերին ընդունուած է առանց բարեփոխումներու` 35 թեր, 2 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով: … Read more

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Այսօր կը սկսի շատ կարեւոր հանգրուան մը` ՀՄԸՄ Պէյրութի համար, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանը: Արդարեւ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Լեռնալիբանանի շրջանի երրորդ դիրքը գրաւած Սաֆա Շուէյֆաթին դէմ: 5 տարի առաջ ՀՄԸՄ Պէյրութը, որ ներկայացուցչական խումբն էր, ինկած էր Դ. դասակարգ, եւ այժմ պիտի փորձէ վերստին անցնիլ աւարտական … Read more

Պասքեթպոլ. Ուասլի Վիճակաձգութիւնները Տեղի Ունեցան

ՖԻՊԱ-ն վերջերս որոշած է Ուասլի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի «Ֆայնըլ 8»-ը կատարել Լիբանանի մէջ` 25 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ: 8 խումբեր պիտի մասնակցին բաժնուելէ ետք երկու խմբակներու, իւրաքանչիւր խումբ 3 մրցումներ պիտի կատարէ, եւ խմբակներու վերջնական դասաւորումներէն ետք անոնց առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին կիսաւարտական («Ֆայնըլ 4»), իսկ յաղթականները` աւարտական: Վերջին … Read more

Ճատրակ. 7 Հայ Վարպետներ` Առաջին 100-ին Մէջ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին Սեպտեմբեր ամսուան ընդհանուր դասաւորման Հայաստան ունի 7 վարպետներ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, տղոց դասաւորման մէջ ընդգրկուած են Հայկ Մարտիրոսեան (50-րդ դիրք), Ռոպերթ Յովհաննիսեան (77-րդ դիրք), Արամ Յակոբեան (80-րդ դիրք) եւ Շանթ Սարգսեան (95-րդ դիրք): Տղոց առաջին դիրքին վրայ կը մնայ նորվեկիացի վարպետ Մակնուս Քարլսեն: Աղջկանց դասաւորման մէջ, Հայաստան ունի 3 ներկայացուցիչ` Էլինա Դանիէլեան (61-րդ), … Read more