Ամերիկացի բանագնացներ Սթիւըն Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները կրնան այս կիրակի` 6 սեպտեմբերին Քիեւ այցելել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի երեսփոխան Ալեքսէյ Կոնչարենքօ:
«Ուիթքոֆն ու Քուշները, ամենայն հաւանականութեամբ, Քիեւ պիտի այցելեն կիրակի օր», գրած է ան:
Նախապէս հաղորդուած էր, թէ ամերիկացի երկու պատուիրակները մտադիր են մօտիկ ապագային Քիեւ եւ Մոսկուա այցելել:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը ռուսական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հինգշաբթի օրուան երեկոյեան իր ուղերձին մէջ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի բանագնացները յառաջիկային Քիեւ եւ Մոսկուա պիտի այցելեն:
Անոր համաձայն, անոր այցելութեան նախնական թուականները արդէն յայտնի են: «Մենք յոյս ունինք, որ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն», ըսած է Զելենսքի:
ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ ամերիկացի պատուիրակները Ռուսիա եւ Ուքրանիա պիտի այցելեն շաբաթ եւ կիրակի օր: