Ամբողջ Եւրասիոյ տարածքին լայնածաւալ հակամարտութեան վտանգը ամբողջովին իրական է, ատիկա լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ԱՊՀ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութեան 22-րդ նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին:
«Ամբողջ Եւրասիոյ տարածքին լայնածաւալ հակամարտութեան ծագման վտանգը ամբողջովին իրական է, եւ ատիկա լրջագոյն մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ: Մեր տուեալներով` եւրոպացի ղեկավարները կը հաւատան վերահսկելի մագլցումին, սահմանագիծը հաւասարակշռելու ռազմավարութեան, որ արդէն նախորդ դարուն մշակուած է արեւմտեան հետախուզութիւններու կողմէ», նշած է ան:
«Մինչեւ 2030 թուականը լայնածաւալ զինեալ հակամարտութեան պատրաստ ըլլալը ամրագրուած է Եւրոպական Միութեան հիմնական հայեցակարգային փաստաթուղթերուն մէջ, Եւրոպական պաշտպանութեան մասին Սպիտակ գիրքին մէջ, որ կը կրէ «Եւրոպայի վերազինման ծրագիր. պատրաստուածութիւն մինչեւ 2030 թուական» անունը», ըսած է Նարիշքին: