ՖԻՊԱ-ն վերջերս որոշած է Ուասլի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի «Ֆայնըլ 8»-ը կատարել Լիբանանի մէջ` 25 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ:
8 խումբեր պիտի մասնակցին բաժնուելէ ետք երկու խմբակներու, իւրաքանչիւր խումբ 3 մրցումներ պիտի կատարէ, եւ խմբակներու վերջնական դասաւորումներէն ետք անոնց առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին կիսաւարտական («Ֆայնըլ 4»), իսկ յաղթականները` աւարտական:
Վերջին երկու տարիներու ախոյեան Ռիատի մաս պիտի կազմէ առաջին խմբակին` իրեն հետ ունենալով Իթթիհատ Ժետտան (Սէուտական Արաբիա), Քուէյթ ակումբը (Քուէյթ) եւ Հնդկաստանի ախոյեան Ռէյլուէյզը:
Բ. խմբակին մաս պիտի կազմէ լիբանանեան այլ խումբ մը` փոխախոյեան Սաժեսը, որ իր դէմ պիտի ունենայ Իրանի Կորկանը, Սէուտական Արաբիոյ Օլան եւ Քաթարի Արապին: