Փեսքով. «Հակառակ Փութինի Յայտարարութեան, Թէ Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղ Կարգաւորման Առիթներ Կան, Տակաւին Նման Ելքի Որոշակի Նախադրեալներ Չեն Ձեւաւորուած»

Հակառակ Փութինի յայտարարութեան, թէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ կարգաւորման առիթներ կան, տակաւին նման ելքի որոշակի նախադրեալներ չեն ձեւաւորուած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Ո՛չ, ատոր մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վերջին շրջանին յայտնուա՞ծ են խաղաղութեան նոր նախաձեռնութիւններ Արեւելեան տնտեսական համախմբումի նախագահի յայտարարութիւններէն ետք:

«Որոշակի նախադրեալներ, ցաւօք, տակաւին չկան: Աշխատանքը կը շարունակուի, եւ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին», ընդգծած է ան:

Փեսքով նշած է, որ նախկինին պէս գոյութիւն ունի բարի կամքը ամերիկացիներու, որոնք պատրաստ են շարունակելու միջնորդական ջանքերը, նախկինին պէս գոյութիւն ունի Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը` անցնելու կարգաւորման խաղաղ դրութեան եւ նպատակներուն հասնելու խաղաղ դրութեան, նախկինին պէս անսասան կը մնայ Ռուսիոյ այն դիրքորոշումը, զոր երկու տարի առաջ Փութինը հնչեցուցած էր արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:

«Ատիկա Քիեւի մէջ հիանալի գիտեն, եւ այդ բոլորը, անշուշտ, հիմք կու տայ ըսելու, որ նման հաւանականութիւն կայ, կարելի չէ բացառել, որ ի վերջոյ, կարելի պիտի ըլլայ դուրս գալ խաղաղ կարգաւորման դրութիւն», եզրափակած է ան:

 

Leave a Comment