Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Այսօր կը սկսի շատ կարեւոր հանգրուան մը` ՀՄԸՄ Պէյրութի համար, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանը:

Արդարեւ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Լեռնալիբանանի շրջանի երրորդ դիրքը գրաւած Սաֆա Շուէյֆաթին դէմ:

5 տարի առաջ ՀՄԸՄ Պէյրութը, որ ներկայացուցչական խումբն էր, ինկած էր Դ. դասակարգ, եւ այժմ պիտի փորձէ վերստին անցնիլ աւարտական հանգրուանը:

Տղաքը պէտք է լրջօրէն դաշտ ներկայանան, 90 վայրկեան պայքարին` ուրախացնելու համար բազմահազար համակիրները, որոնք կարիքը ունին այս յաղթանակին:

Ճիշդ է, որ համակիրները ցրուած են, բայց պէտք է մեծ թիւերով ներկայանան Սաֆայի դաշտ` քաջալերելու համար մեծ մասամբ երիտասարդ տղաքը, որոնք փորձութիւն չունին, բայց կամք ունին իրենց կարելին տալու ՀՄԸՄ-ի շապիկին համար: Խմբապետ Աւագը` խումբին տինամոն, կարիքը ունի իր շուրջի տղոց ամբողջական կեդրոնացումին, եւ գեղեցիկ փոխանցումներով եւ խմբային խաղով մրցակիցին յոգնեցնելու ու անշուշտ գրաւելու անոր բերդը:

Շեփորախումբը միշտ ներկայ է գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծելով, եւ կը սպասուի, որ համակիրներն ալ գան քաջալերելու տղաքը` ըլլալով իսկական թիւ 12-ն, որ օգնէ ձեռք ձգելու առաջին 3 կէտերը:

Ընդամէնը 5 մրցումներ ունինք, եւ անոնցմէ առնուազն 3-ը յաղթելով յոյսերը շատ բարձր կ՛ըլլան բարձրանալու Գ. դասակարգ:

Այժմ սակայն պէտք է ամէն մրցում խաղալ աւարտական մրցումի նման. պէտք է կարելի եղածին չափ քիչ սխալներ գործել եւ օգտուիլ մրցակիցի սխալներէն: Բարձր ճնշումի տակ մրցակիցը կրնայ սխալներ գործել, եւ եթէ կրցանք առիթներէն օգտուիլ, կրնանք 3 կէտեր ալ շահիլ:

Ուրեմն բոլորս դաշտ` քաջալերելու ՀՄԸՄ Պէյրութը: Նոյն ժամուն, Բ. խմբակին մէջ երկու այլ մրցումներ ալ տեղի պիտի ունենան, ուր Նասըր Քամետ Լոզ պիտի մրցի Ղատիր Հարիսի դէմ, իսկ Արապի Ռիատի` Շապապ Սաքաֆի Հերիի դէմ:

 

Leave a Comment