ԱՄՆ ԶՈւ-ն գիշերվա ընթացքում մի շարք hարվածներ է հասցրել Իրանի տարբեր քաղաքներին, hրթիռային կայաններին և էլեկտրամատակարարման ցանցերին

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 2 Սեպտեմբեր, 2026 9:23 Ամերիկյան ուժերը հարվածել են մարտական տեխնիկայի վրա, որն Իրանը հասցնում էր Հորմուզի նեղուցի շրջան: Նման պնդմամբ հանդես է եկել Al Hadath հեռուստաալիքը: Նույն աղբյուրները պնդում են, որ ամերիկյան ռմբակոծությունների նոր ալիքը կապված է «Վաշինգտոնի ենթադրության հետ՝ Հորմուզի նեղուցի ջրային տարածքում առևտրային նավերի … Read more

Փեզեշքիան. «Եթէ Ամերիկան Վերադառնայ Փոխըմբռնման Յուշագիրով Ստանձնած Իր Պարտաւորութիւններու Կատարման, Մենք Անմիջապէս Նոյնը Պիտի Կատարենք»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը կրող փոխըմբռնման յուշագիրին նկատմամբ յանձնառութիւնը երկու շաբաթէն աւելի չտեւեց: Փեզեշքիան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխըմբռնման յուշագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման վերադառնալէն անմիջապէս ետք, Իրան նոյնը պիտի կատարէ: Ան աւելցուց, որ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներուն, իր երկիրը իր պարտաւորութիւնները եւ միջազգային համաձայնութիւնները կատարելու պատուաբեր ցուցանիշ ունի: Միացեալ … Read more

Նեթանիահու. «Յունաստանի Հետ Ապահովական Համաձայնութիւնը Շրջանային Դաշինքները Կ՛ամրապնդէ Եւ Իսրայէլի Ուժը Ցոյց Կու Տայ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բրիտանական «Թելեկրամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Յունաստանի հետ կնքուած ապահովական համաձայնութիւնը, որ Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյնն է, «Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ տասը տարի առաջ մեր կնքած Միջին Արեւելքի դաշինքի ուղղակի շարունակութիւնն է»: «Անիկա իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերութեան եւ ճարտարագիտութեան հսկայական կարողութեան յաւելեալ ապացոյց է», աւելցուց ան: Նեթանիահու տողատակի Թուրքիոյ ակնարկելով նշեց. … Read more

Զախարովա. «Պալթեան Շրջանէն Իր Դէմ Որեւէ Թշնամական Արարքի Ռուսիոյ Հակադարձութիւնը Կործանարար Պիտի Ըլլայ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Պալթեան շրջանէն իր դէմ որեւէ թշնամական արարքի Ռուսիոյ հակադարձութիւնը կործանարար պիտի ըլլայ»: Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Պալթեան շրջանին մէջ զինուորական ու քաղաքական կացութեան նոր մագլցում արձանագրուելու պարագային, պէտք է անգամ մը եւս հաստատել, որ անխոհեմ հակառուսական նախաձեռնութիւններու հրահրիչներուն Ռուսիոյ պատասխանը վճռական պիտի ըլլայ: Անոնք պէտք է … Read more

Ռուսիոյ Ելեւմուտքի Նախարարի Միացեալ Նահանգներու Մէջ Քսաններու Խմբակի Ժողովին Ներկայութիւնը Եւրոպացիներուն Դժգոհութիւն Պատճառեց

Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարար Անթոն Սիլուանով երկուշաբթի օր ներկայ գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Քսաններու խմբակի ժողովին եւ ուքրանական թղթածրարի քննարկման համար հանդիպում ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ, ինչ որ եւրոպական պետութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ դժգոհութիւն յառաջացուց: Սիլուանովի ներկայութիւնը յայտարարուեցաւ միայն այն պահուն, երբ ան Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Աշվիլ քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի մնացեալ պատուիրակներուն մէջ յայտնուեցաւ: Միացեալ … Read more

Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամները Վերահաստատած Են Իրանի Գերիշխանութեան Իրենց Աջակցութիւնը

Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) անդամ երկիրները վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը Իրանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ զօրակցած դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորման: Հռչակագիրի բնագիրը հրապարակուած է Քրեմլինի կայքին վրայ: «Անդամ պետութիւնները, վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը Իրանի իսլամական հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, կը զօրակցին հակամարտութեան բացառապէս քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորման: Այս առնչութեամբ անոնք կ՛ողջունեն բոլոր ջանքերը` ուղղուած … Read more

Փութին Փաշինեանին Կ՛առաջարկէ «Հայաստանի Ժողովուրդին Ընտրելու Կարելիութիւն Տալ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հարցով»

1 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Պիշքեքի մէջ: Հանդիպումին ընթացքին Փութին ըսաւ, որ Հայաստանի ձգտումը` դէպի Եւրոպական Միութիւն, երկրի օրինական իրաւունքն է, սակայն այս մէկը բարդութիւններ կը ստեղծէ, նաեւ` Հայաստանի ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալուն: «Որքան շուտ Հայաստանը կողմնորոշուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով, այնքան լաւ: Մոսկուայի մէջ պէտք է … Read more

Արցախէն Տեղահանուածներու Ընկերային Իրաւական Խնդիրները Կը Պահանջեն Հետեւողական Լուծումներ

31 օգոստոսի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան մասնակցած է Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու կարգավիճակի եւ ընկերային իրաւունքների իրագործման ոլորտին մէջ իրաւակիրառ փորձի խնդիրներուն նուիրուած քննարկումին` կազմակերպուած «Իրաւունքի պաշտպանութիւն առանց սահմանի» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ: Լիլիթ Գալստեան քննարկումին խօսք առնելով մասնաւորապէս նշած է. «Իրականում Արցախից բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցները առերեսւում են ընկերային … Read more

Էրտողան. «Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Աջակցիլ»

Թուրքիան պիտի շարունակէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման աջակցիլ: «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Պիշքեքի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումի ընթացքին: Էրտողան Խըրխըզիստանի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցէր Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) պետութիւններու ղեկավարներու 26-րդ վեհաժողովին: Կողմերը քննարկած են Թուրքիա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ … Read more

Ալեն Սիմոնեանն Ու Հիքմեթ Հաճիեւը Քննարկած Են Խաղաղութեան Օրակարգը

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեան Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ քննարկած է խաղաղութեան օրակարգը: Այս մասին գրած է Հիքմեթ Հաճիեւ: «Պիշքեքի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումէն ետք խաղաղութեան օրակարգին շուրջ քննարկումները շարունակուած են Ալեն Սիմոնեանի հետ», գրած է ան: Սիմոնեանի գրասենեակը եւս յայտնեց, որ Սիմոնեան-Հաճիեւ բանակցութիւնները յաջորդած … Read more