Թուրքիան պիտի շարունակէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման աջակցիլ: «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Պիշքեքի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումի ընթացքին:
Էրտողան Խըրխըզիստանի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցէր Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) պետութիւններու ղեկավարներու 26-րդ վեհաժողովին:
Կողմերը քննարկած են Թուրքիա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ համաշխարհային զարգացումները:
Էրտողան նշած է, որ յատկապէս ուժանիւթի, ենթակառոյցներու եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կատարած համագործակցութեան քայլերու նշանակութիւնը շրջանին մէջ ստեղծուած պայմաններուն մէջ աւելի լաւ կ՛ընկալուի:
Անոր համաձայն, «երկու պետութիւն, մէկ ազգ» սկզբունքի հիման վրայ յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ պիտի նպաստեն երկու երկիրներու շահերուն:
Էրտողան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման:
Անոր համաձայն, շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը «կենարար ուժ» պիտի հաղորդէ շրջանին:
Հանդիպման ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը Ազրպէյճանի նախագահը հրաւիրած է Անթալիոյ մէջ գումարուելիք ՔՈՓ31 վեհաժողովին: