Զախարովա. «Պալթեան Շրջանէն Իր Դէմ Որեւէ Թշնամական Արարքի Ռուսիոյ Հակադարձութիւնը Կործանարար Պիտի Ըլլայ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Պալթեան շրջանէն իր դէմ որեւէ թշնամական արարքի Ռուսիոյ հակադարձութիւնը կործանարար պիտի ըլլայ»:

Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Պալթեան շրջանին մէջ զինուորական ու քաղաքական կացութեան նոր մագլցում արձանագրուելու պարագային, պէտք է անգամ մը եւս հաստատել, որ անխոհեմ հակառուսական նախաձեռնութիւններու հրահրիչներուն Ռուսիոյ պատասխանը վճռական պիտի ըլլայ: Անոնք պէտք է իմանան, թէ այդ պատասխանը իրենց համար կործանարար պիտի ըլլայ»:

 

Leave a Comment