Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը կրող փոխըմբռնման յուշագիրին նկատմամբ յանձնառութիւնը երկու շաբաթէն աւելի չտեւեց:
Փեզեշքիան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխըմբռնման յուշագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման վերադառնալէն անմիջապէս ետք, Իրան նոյնը պիտի կատարէ:
Ան աւելցուց, որ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներուն, իր երկիրը իր պարտաւորութիւնները եւ միջազգային համաձայնութիւնները կատարելու պատուաբեր ցուցանիշ ունի:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախարար Ճէյ. Տի. Վանս նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ ներկայիս կ՛աշխատին Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտուրի տեղաշարժի ազատութիւնը երաշխաւորելու վրայ:
Վանս «Ֆոքս Նիուզ»-ին աւելցուց, որ իրանեան ղեկավարութիւնը պատրաստ է, առանց ռազմավարական հաշիւներու, քարիւղի եւ կազի հոսքը խոչընդոտելու համար ամէն ինչ կատարելու:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բացառեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ հիւլէական զինամթերքի կիրարկման կարելիութիւնը:
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք ինք կը բացառէ՞ նման կարելիութիւն Սպիտակ տան ղեկավարը ըսած է. «Ես երբեք ատիկա չէի ըսեր, սակայն պատասխանը «այո» է»:
«Անոնք զինուորական առումով ամբողջովին ջախջախուած են: Եւ ահա ես անոնց յաղթած եմ, եւ պէտք է անոնց դէմ հիւլէական զէ՞նք կիրարկեմ: Ի՛նչ յիմար հարցում է», աւելցուցած է Թրամփ:
Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս Եւրոպական Միութեան պաշտպանութեան նախարարներու Իրլանտայի Ուիքլոու քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ոչ պաշտօնական հանդիպումէն առաջ յայտարարեց, որ Հորմուզի նեղուցին շուրջ դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակուին, սակայն մինչեւ հիմա կարելի չէ եղած յառաջընթաց արձանագրել:
«Նաւարկութեան ազատութիւնը պէտք է յարգուի: Դիւանագիտական ջանքերը տակաւին կը շարունակուին, սակայն այս պահուս արդիւնք չկայ», ըսաւ Քալլաս:
«Մեզի համար կարեւոր է, որ երթուղիներու համար, որոնք նախապէս բաց եղած են, չկան վճարումներ, չկան ուղեվարձեր», աւելցուց ան:
Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը նշեց, որ միութեան անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները նաեւ պիտի քննարկեն կարեւորագոյն ստորջրեայ ենթակառոյցներու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան զինեալ ուժերուն աջակցելու համար հաւանական եւրոպական առաքելութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց. «Փաքիստանի եւ այլ պետութիւններու կողմէ միջնորդութեան ջանքերը կը շարունակուին»:
«Տնտեսական պատժամիջոցները երկրին մէջ տարբեր երեսներու կ՛ազդեն, եւ այլընտրանք չունինք, բացի պատժամիջոցներուն դիմադրելէ եւ զանոնք շրջանցելու համար այլընտրանքային միջոցներ օգտագործելէ», ըսաւ Պաղայի: