Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեան Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ քննարկած է խաղաղութեան օրակարգը: Այս մասին գրած է Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Պիշքեքի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումէն ետք խաղաղութեան օրակարգին շուրջ քննարկումները շարունակուած են Ալեն Սիմոնեանի հետ», գրած է ան:
Սիմոնեանի գրասենեակը եւս յայտնեց, որ Սիմոնեան-Հաճիեւ բանակցութիւնները յաջորդած են Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպումին: Անոնք շարունակած են խաղաղութեան օրակարգին շուրջ քննարկումները:
Ասիկա Սիմոնեանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնին վրայ ազրպէյճանցի պաշտօնատարի հետ առաջին հանդիպումն է: Մինչեւ վերջերս Հաճիեւի հետ բանակցութիւնները կը վարէր Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեան: Անոր Հաճիեւի հետ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր յունիսին Դիլիջանի մէջ: