1 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Պիշքեքի մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին Փութին ըսաւ, որ Հայաստանի ձգտումը` դէպի Եւրոպական Միութիւն, երկրի օրինական իրաւունքն է, սակայն այս մէկը բարդութիւններ կը ստեղծէ, նաեւ` Հայաստանի ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալուն: «Որքան շուտ Հայաստանը կողմնորոշուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով, այնքան լաւ: Մոսկուայի մէջ պէտք է հասկնանք` ինչպէ՛ս զարգացնել հետագայ յարաբերութիւնները», նշեց ան:
Անդրադառնալով մէկուկէս տարի առաջ Հայաստանի Ազգային ժողովին ընդունած օրէնքին, որ կ՛ազդարարէ Երեւանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկը, Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանի` այլ կազմակերպութեան անդամակցելու գործընթացին սկսելու մասին օրէնքի ընդունումը արդէն կը նշանակէ գործող կազմակերպութենէն դուրս գալու յայտարարութիւն:
Վ. Փութին անգամ մը եւս առաջարկեց` «Հայաստանի ժողովուրդին կարելիութիւն տալ ընտրելու Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով, մարդոց հարցնելու, թէ ի՞նչ կ՛ուզեն»:
Ասոր զուգահեռ, Ռուսիոյ նախագահը շեշտեց, որ Ռուսիան Հայաստանի հիմնական տնտեսական գործընկերն է, տարեսկիզբէն մինչեւ օրս երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է 2,5 միլիառ տոլար:
«Ռուսիան միշտ հանդէս կու գայ Հայաստանի հետ բարեկամական եւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման օգտին, ինչ որ կը համապատասխանէ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն հիմնարար շահերուն», նշեց ան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին յայտարարեց. «ԵԱՏՄ կարգաւորումներով որեւէ երկրի կազմակերպութիւնից դուրս թողնելու գործիքակազմ չկայ: Դրա համար պետութիւնն ինքը առնուազն վեց ամիս առաջ պէտք է ծանուցի կազմակերպութեանը: Մենք նման ծանուցում չենք փոխանցել ԵԱՏՄ-ին: Իրավիճակին պէտք է նայել այդ ելակէտից»:
Ան դիտել տուաւ, որ Երեւանի համար կարեւոր է ունենալ այլընտրանքներ, ինչ որ` «մեր օրինական իրաւունքն է: Բայց դա չի նշանակում, որ մենք դժգոհ ենք ԵԱՏՄ-ից` չնայած այնտեղ կան խնդիրներ»:
Փաշինեան պնդեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան օրէնքի ընդունումով Հայաստան չէ խախտած ԵԱՏՄ-ի մէջ որեւէ պարտաւորութիւն. «Այդ հարցն այնքան չի հասունացել, որ դրուի ժողովրդական հանրաքուէի, մենք այդ օրէնքն ընդունել ենք, որպէսզի հանրաքուէ չանցկացնենք»: