Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամները Վերահաստատած Են Իրանի Գերիշխանութեան Իրենց Աջակցութիւնը

Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) անդամ երկիրները վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը Իրանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ զօրակցած դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորման: Հռչակագիրի բնագիրը հրապարակուած է Քրեմլինի կայքին վրայ:

«Անդամ պետութիւնները, վերահաստատելով իրենց աջակցութիւնը Իրանի իսլամական հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, կը զօրակցին հակամարտութեան բացառապէս քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորման: Այս առնչութեամբ անոնք կ՛ողջունեն բոլոր ջանքերը` ուղղուած շրջանին մէջ կացութեան լարուածութեան մեղմացման», նշուած է հռչակագիրին մէջ:

Leave a Comment