Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարար Անթոն Սիլուանով երկուշաբթի օր ներկայ գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Քսաններու խմբակի ժողովին եւ ուքրանական թղթածրարի քննարկման համար հանդիպում ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ, ինչ որ եւրոպական պետութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ դժգոհութիւն յառաջացուց:
Սիլուանովի ներկայութիւնը յայտարարուեցաւ միայն այն պահուն, երբ ան Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Աշվիլ քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի մնացեալ պատուիրակներուն մէջ յայտնուեցաւ:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ խորհրդաժողովը հիւրընկալող ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ երկուշաբթի առաւօտեան առանձին հանդիպում ունեցած է իր ռուս պաշտօնակիցին հետ:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Պեսենթ հանդիպումի ընթացքին պաշտպանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու 28 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը` այդպիսով հաստատելով այդ առնչութեամբ «Ֆոքս Պիզնըս» պատկերասփիւռի կայանի սփռած տեղեկագիրը:
Ռուս նախարարի ներկայութիւնը դժգոհութիւն պատճառեց Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Լարս Քլինկպայլին, որ լրագրողներուն ըսաւ, թէ ընդհանուր նիստի ընթացքին «անոր շատ յստակ կերպով ըսի, թէ ռուսական կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ այս պատերազմին, եւ մենք աներկբայօրէն Ուքրանիոյ կ՛աջակցինք»:
Գերմանացի նախարարը յայտնեց, որ եւրոպական մնացեալ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղած է Սիլվանովը հեռացնելու «հաւաքական լուսանկարէն», որ երեքշաբթի օր ժողովի ընթացքին պիտի լուսանկարուի, եւ հիւրընկալող կողմը ընդառաջած է այդ կոչին: