Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բրիտանական «Թելեկրամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Յունաստանի հետ կնքուած ապահովական համաձայնութիւնը, որ Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյնն է, «Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ տասը տարի առաջ մեր կնքած Միջին Արեւելքի դաշինքի ուղղակի շարունակութիւնն է»:
«Անիկա իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերութեան եւ ճարտարագիտութեան հսկայական կարողութեան յաւելեալ ապացոյց է», աւելցուց ան:
Նեթանիահու տողատակի Թուրքիոյ ակնարկելով նշեց. «Այս քայլը կ՛արտացոլէ Իսրայէլի ուժը, պաշտպանական անոր արտածումներուն նկատմամբ վստահութիւնն ու Իսրայէլի շրջանային դաշինքները ամրապնդելը»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երկուշաբթի օր նոյնպիսի յայտարարութիւններ կատարելով յայտնեց. «Իսրայէլն ու Յունաստանը հասարակաց ռազմավարական շահեր ունին եւ հասարակաց շրջանային մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն»:
Քաց անուղղակի կերպով Թուրքիոյ ակնարկելով աւելցուց. «Այն պահուն, երբ իշխելու ախորժակներ ունեցող կողմեր իրենց ազդեցութիւնն ու շրջանի ապակայունացումը կ՛ընդլայնեն, Իսրայէլն ու Յունաստանը պիտի շարունակեն խորացնել իրենց միջեւ ապահովական ու ռազմավարական գործակցութիւնը, անոնք վճռականօրէն պիտի աշխատին պահպանելու կայունութիւնը եւ ամրապնդելու իրենց անվտանգութիւնն ու հասարակաց շահերը»: