Պուսթանի. «ՖԻՆԻՒԼ»-ի Պահպանումը Լիբանանի Շահերէն Կը Բխի»

Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց. «Խորհրդարանի մեծաթիւ անդամներու կողքին ստորագրեցի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած նամակ մը` պահանջելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան վերանորոգումն ու անոր լիազօրութիւններու ամրապնդումը, ինչ որ համահունչ է առնչակից միջազգային որոշումներու, նախ եւ առաջ թիւ 425 եւ 426 որոշումներուն»:

«ՖԻՆԻՒԼ-ին հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը պայմանական կամ քաղաքական հարց չէ, այլ Լիբանանի ներկայ զգայուն փուլին մէջ կայունութեան սիւներէն մէկը, մինչեւ իրագործուին այն նպատակները, որոնց համար ստեղծուեցաւ», ըսաւ երեսփոխանը:

«Մեկնելով ասկէ, այս միջազգային ծածկոյթի պահպանումը Լիբանանին ու անոր հարաւի շահերէն կը բխի, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ անվտանգութեան ու կայունութեան աջակցութեան եւ միջազգային որոշումներուն գործադրութեան», նշեց Պուսթանի:

 

Leave a Comment