Այսօր Աթլանթայի մէջ ժամը 22:00-ին Անգլիա եւ Արժանթին պիտի մրցին 2026-ի Մոնտիալի աւարտականի տոմսին համար:
Ասիկա երկու խումբերուն միջեւ Մոնտիալի պատմութեան 6-րդ ճակատումն է, որ 1982-ի Ֆոլքլենտ կղզիներու հարցէն ետք «թշնամական» բնոյթ կ՛ունենայ:
Առաջին անգամ 1962-ի Մոնտիալին (Չիլիի մէջ) Անգլիա կրցած էր 3-1 արդիւնքով յաղթել Արժանթինին, ապա 1966-ին, քառորդ աւարտականին Անգլիա 1-0 արդիւնքով կրցած էր կրկնել իր յաղթանակը, անախորժ մթնոլորտի մէջ: Արդարեւ, օրուան գերմանացի իրաւարարը` Ռուտոլֆ Քրայթլայն, դաշտէն վտարած էր Արժանթինի խմբապետ Անթոնիօ Ռաթթինը, կարծր խաղարկութենէ ետք: Ռաթթին 35-րդ վայրկեանին կարմիր քարտով վտարուած էր դաշտէն անընդհատ ֆաուլ կատարելուն համար, եւ որովհետեւ նաեւ անոր սպաներէն լեզուն անհասկնալի էր իրաւարարին կողմէ: Մրցումը 10 վայրկեան ընդհատուած էր մինչեւ թարգմանիչի մը գալը եւ բացատրելը: Մինչեւ այդ մրցումը դեղին քարտ չկար եւ բնաւ չէր օգտագործուեր:
Յաջորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ անմոռանալի 22 յունիս 1986-ին, երբ Տիեկօ Մարատոնա պատմութիւն կերտած էր ձեռքով կոլ մը նշանակելով եւ աւելի ուշ նշանակելով Մոնտիալներու պատմութեան լաւագոյն կոլերէն մէկը` խաղի բերելէ ետք մեծ թիւով անգլիացի մարզիկներ եւ բերդապահ Փիթըր Շիլթընը: Արժանթինի 2-1 արդիւնքով յաղթանակը եղած էր հարաւամերիկեան խումբի առաջին յաղթանակը:
1998-ին ալ Արժանթին փենալթիներով դուրս ձգած էր Անգլիան, իսկ Տէյվիտ Պեքհամ կարմիր քարտ մը ստացած էր:
2002-ի Մոնտիալին, այս անգամ նոյնինքն Պեքհամի փենալթիին շնորհիւ Անգլիա կրցած էր յաղթել Արժանթինի:
Այսօր ուրեմն խումբերը իրար դէմ կը ճակատին Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ՖԻՖԱ-ի դասաւորման թիւ 1 Արժանթին եւ թիւ 4 Անգլիա կարծէք փլէյ-օֆ կը խաղան:
Ար
ժանթին 17 կոլ կրցած է նշանակել 6 մրցումներու ընթացքին, մինչ Անգլիա 13 կոլ նշանակած է: Երկու խումբերն ալ 6-ական կոլեր ստացած են 6 մրցումներու ընթացքին:
ՊԷՏՔ է նշել, որ այս Մոնտիալի ընթացքին շատ ժխտական բաներ ալ պատահեցան եւ տակաւին կը պատահին: Օրինակ` քոլոմպիացի մարզիկ մը` Խամինթոն Քամփազ, անծանօթ համակիրներէ սպառնալիքներ ստացած էր եւ չէր վերադարձած Քոլոմպիոյ ազգային խումբին հետ:
Քամփազ, Զուիցերիոյ դէմ մրցումի երկարաձգման ընթացքին, 114-րդ վայրկեանին կորսնցուցած էր առիթ մը, որուն համար զայրացած էին այդ համակիրները, հակառակ անոր որ նոյնինքն Քամփազ վճռական փենալթիներու պահուն յաջողութեամբ նշանակած էր իր փենալթին:
Այլ մարզիկ մը` Ճէյտըն Էտըմզ մահացած էր անորոշ պայմաններու մէջ: Հարաւ ափրիկեցի 25 տարեկան ֆութպոլիստը իր ազգային խումբին հետ լաւ ելոյթներ ունեցած էր` Մոնտիալին մասնակցելով 3 մրցումներուն:
Ըստ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի, շատ հաւանաբար Մոնտիալին մասնակից խումբերուն թիւը բարձրանայ 64-ի 2030-ի Մոնտիալին:
2027-ին տեղի պիտի ունենայ ՖԻՖԱ-ի նախընտրական քարոզարշաւը, եւ Ինֆանթինօ կ՛ուզէ օգտագործել այս ձեւը… թերեւս յաւելեալ քուէներ ստանալու համար:
Ինֆանթինօ 2016-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնին վրայ է: Յաւելեալ թիւի գլխաւոր պատճառը ափրիկեան երկիրներու ֆետերասիոնին պահանջն է, բան մը, որուն վրայ լրջօրէն կ՛աշխատի այժմու նախագահը, որ վստահաբար պիտի վայելէ ափրիկեան երկիրներու ամբողջական քուէները: