Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, թէ կը նախատեսէ, որ Հռոմի մէջ Լիբանանի հետ բանակցութիւնները օգնեն իր երկրի ուժերուն հարաւային Լիբանանի մէջ փորձառական երկու շրջաններէն հեռացման հարցով յառաջընթացի արձանագրման:
Սահեր Երուսաղէմի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Մենք պատրաստ ենք փորձառական այդ երկու շրջաններուն հարցով յառաջ ընթանալու: Կը յուսամ եւ կը կարծեմ, թէ Հռոմի մէջ քննարկումներու այս փուլը ատոր իրագործման ուղղութեամբ մղում պիտի կատարէ»: