Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, ակադեմական գործակցութեան կամուրջ հաստատելու եւ ռազմավարական գործընկերութիւնները ամրապնդելու նպատակով իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտոնեան համալսարանի մարմնակրթական գիտութիւններու կաճառի տնօրէն դոկտ. Անթոնիօ Սութոն:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու նախարարութեան եւ Անտոնեան համալսարանին միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի մը կարելիութիւնը:
Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը կենսական ոլորտներու, մասնաւորաբար երիտասարդ կարողութիւններու համարկումը նախարարութեան աշխատանքին եւ երիտասարդական ու մարմնակրթական բնագաւառներուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան կեանքի կոչումը: