Պըրրի. «Չեմ Նեղանար, Եթէ Որեւէ Հոլովոյթ Դրական Արդիւնք Տայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շրջագծային բանաձեւին յանգած ուղղակի բանակցութիւնը ի նպաստ Լիբանանի եւ անոր իրաւունքին իսկական դրական որեւէ արդիւնք չտուաւ, եւ հաստատօրէն ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ կարենան հեռացումը, տեղահանուածներու տունդարձը, գերիներու ազատ արձակումն ու վերաշինութիւնը իրականացնել, որովհետեւ ի վերջոյ զիս հետաքրքրողը խաղող ուտելն է եւ ոչ թէ դռնապանը ծեծելը»:

«Առաջարկուած փորձառական շրջաններուն մեծամասնութիւնը բռնագրաւուած չեն», նշեց ան` զգուշացնելով. «Միտք բանին բանակը ներքին բախումներու մէջ ներքաշելն է եւ ստեղծել սադրանք, որ միայն կը ծառայէ իսրայէլացի թշնամիին, որ կը ջանայ մեզ իր թակարդին մէջ քաշել, եւ ատոր դէմ է, որ կը կանգնինք մեր ամբողջ ուժով եւ իմաստութեամբ»:

Պըրրի Հռոմի մէջ լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեց` ակնարկելով, որ անիկա «ոլորապտոյտ ուղիի կրկնութիւն եւ շարունակութիւն» պիտի ըլլայ:

 

 

Leave a Comment