Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի հայկական Ս. Կարապետ եկեղեցին երկարատեւ վերանորոգումէ ետք վերաբացուած է: Սկիւտարը Պոլսոյ ասիական հատուածին մէջ Պոսֆորի ափին գտնուող պատմական թաղամաս է, ուր 20-րդ դարու սկիզբը ապրած է շուրջ 50 հազար հայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» կայքը:
Եկեղեցւոյ օծման արարողութեան մասնակցած են Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, Արամ արք. Աթեշեան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Րաֆֆի Քըրքորեան, տնօրէններու խորհուրդի եւ հոգեւոր դասու ներկայացուցիչներ:
Սուրբ պատարագի ընթացքին պատրիարքը շնորհաւորած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եղիշէ քհնյ. Ուչքունեանը եւ յաջողութիւն մաղթած: Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ բակը ճաշ մատուցուած է:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ անծանօթ անձ մը ներխուժած էր Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ գերեզմանատան տարածք ու վնասած 6 դամբարան: Յանցագործը յայտնաբերուած ու կալանաւորուած էր: