Սալամ. «Բանակցութիւնները Անձնատուութիւն Չեն, Այլ Մեր Երկրին Համար Նուազագոյն Գինը Ունեցող Ընտրանքը»

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր վարչապետարանին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այն, ինչ որ տեսանք, պարզապէս իսրայէլեան բռնագրաւումի ընդլայնում եւ շրջանցում չէ, որովհետեւ Իսրայէլ որոշ դիրքեր չի թիրախաւորեր, այլ ամբողջական քանդման քաղաքականութիւն կը կիրարկէ»: «Այն, ինչ որ Իսրայէլ կը կատարէ, միայն Լիբանանի գերիշխանութեան ոտնահարում չէ, այլ պատմութեան ջնջման գործողութիւն», նշեց վարչապետը: «Հարաւային Լիբանանի մեր … Read more

Պայրագտարեան Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց Արամ Ա. վեհափառին` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան կղերականներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը Վատիկանէն անոր վերադարձին առիթով: Պայրագտարեան վեհափառ հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց քառօրեայ այցելութեան ընթացքին Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար անոր թափած ջանքերուն համար, որոնք Վատիկանի մէջ լոյս տեսնող բոլոր օրաթերթերու ուշադրութեան կեդրոնը դարձան:

Հայ միլիարդատիրոջ ինքնաuպան առաքելությունը. Չեխական պարբերականն անդրադարձել է Ռուբեն Վարդանյանի` Վացլավ Հավելի մրցանակի առաջադրմանը

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին Հայ միլիարդատիրոջ ինքնասպան առաքելությունը: Այս մասին գրել է Չեխական Lidové noviny պարբերականը՝ անդրադառնալով Ռուբեն Վարդանյանի` Վացլավ Հավելի մրցանակի առաջադրմանը: «Մեկ շաբաթից Հայաստանը կորոշի իր ապագան։ Պարզ ասած՝ ներկայիս արևմտամետ կառավարությունը և ընդդիմությունը կանգնած են դեմ հանդիման՝ փորձելով երկիրը տանել դեպի Ռուսաստան։ Սակայն իրականությունն ամբողջությամբ սև ու սպիտակ չէ և … Read more

Յակոբ Բագրատունի. «Հաւանական Չէ, Որ Մօտերս Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքուի Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ»

«Լեպանոն Տիպէյթ» կայքի պատկանող «Ռետ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին իրավիճակին ու արտաքին առնչութիւններուն: Հարցերը հիմնականին մէջ կեդրոնացան հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յաճախակի յարձակումներուն, խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումի հաւանականութեան եւ արտաքին կողմերու միջնորդական դերին վրայ: Արտաքին ճակատին վրայ առանցքային հարց … Read more

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Մայիսեան Յաղթանակը

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին  եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 31 մայիս 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան աւանդական եւ տպաւորիչ փառատօն: Բացման խօսքը արտասանեց Լուսին … Read more

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Նշուեցան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Անուանակոչութեան Տօները

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ նշուեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան եւ վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան տօները, Կիրակի, 31 մայիս 2026-ին: Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան: Յընթացս սուրբ պատարագին, վեհափառ հայրապետին առաջնորդութեամբ, միաբան հայրեր խորան բարձրացան եւ աղօթքներու … Read more

Թրամփ. «Ուաշինկթըն Իրանի Հետ Շատ Լաւ Գործարքի Կը Մօտենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Իրանի հետ «շատ լաւ գործարքի» կը մօտենայ, սակայն ընդգծեց, որ բանակցութիւններու տապալման պարագային զինուորական գործողութիւններու տարբերակը սեղանին վրայ կը մնայ: Ան այս մասին յայտնեց «Ֆոքս Նիուզ»-ին: «Ասիկա արդէն իսկ յաղթանակ է: Մենք անոնց բանակը պարտութեան մատնած ենք, անոնց բանակը ըստ էութեան պարտութեան մատնած ենք», ըսաւ Թրամփ իր … Read more

Փարիզ Սեն Ժերմենի Արձանագրած Յաղթանակէն Ետք, Ֆրանսական Շարք Մը Քաղաքներու Մէջ Անկարգութիւններ

Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի խումբի Պուտափեշտի մէջ Եւրոպայի ախոյեան խումբերու ախոյեանութեան աւարտական մրցումին բրիտանական Արսենալ խումբին վրայ արձանագրած յաղթանակէն ետք, կիրակի արշալոյսին «Փարք տէ Փրենս» մարզադաշտին մօտ հրդեհներ յառաջացան, անկարգութիւններ տեղի ունեցան եւ համատարած իրարանցում տիրեց: Ոստիկանութիւնը միջամտեց` կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու համար, եւ հաւաքուած բազմութիւնը ցրուելու նպատակով օգտագործեց արցունքաբեր կազ: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար … Read more

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Օրը Նշուեցաւ Սարդարապատի Մէջ

Մայիս 28-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրուան առիթով Սարդարապատ այցելեցին «Հայաստան» դաշինքի անդամները` Հայաստանի նախկին նախագահ, դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ: Ձեռնարկը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Արթուր Խաչենցի մեկնաբանութեամբ հնչեց «Գինի լից» երգը: Օրուան խորհուրդին վերաբերող խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, հասարակական գործիչ Մելիք Գարագաւորեան, Աննա Յարութիւնեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան … Read more

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Այցելութիւն Սարդարապատի Յուշահամալիր

28 մայիսին, Հանրապետութեան տօնին առիթով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ, Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք: Հոգեւորականաց դասը եւ ներկայ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան, խաղաղ ու ապահով կեանքի համար: Նոյն օրը կաթողիկոսը` Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններուն ընկերակցութեամբ այցելեց Սարդարապատի յուշահամալիր: Յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք հոգեւորականաց դասը Ամենայն … Read more