Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 31 մայիս 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան աւանդական եւ տպաւորիչ փառատօն:
Բացման խօսքը արտասանեց Լուսին Գազանճեան: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց վարչութեան ատենապետ Իշխան Եղիայեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը ուղղեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Աւագեան: Աւարտին իր օրհնութիւնը տուաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: (Փառատօնին, ինչպէս նաեւ մայիս 28-ի առիթով գաղութին մէջ տեղի ունեցած այլ ձեռնարկներու մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ):