Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Իրանի հետ «շատ լաւ գործարքի» կը մօտենայ, սակայն ընդգծեց, որ բանակցութիւններու տապալման պարագային զինուորական գործողութիւններու տարբերակը սեղանին վրայ կը մնայ: Ան այս մասին յայտնեց «Ֆոքս Նիուզ»-ին:
«Ասիկա արդէն իսկ յաղթանակ է: Մենք անոնց բանակը պարտութեան մատնած ենք, անոնց բանակը ըստ էութեան պարտութեան մատնած ենք», ըսաւ Թրամփ իր հարսին` «Ֆոքս Նիուզ»-ի մեկնաբան Լարա Թրամփի հետ հարցազրոյցի ընթացքին` աւելցնելով. «Ես պիտի նախընտրէի գործարք կնքել, որովհետեւ մենք կրնանք (Հորմուզի) նեղուցը բանալ` անմիջապէս ստորագրելէ ետք»:
Սպիտակ տան ղեկավարը վերստին շեշտած է, որ Իրան երբեք չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ, եւ ատիկա բանակցութիւններու ենթակայ հարց չէ:
«Ես երաշխիք պէտք է ունենամ, թէ հիւլէական զէնք երբեւէ պիտի չըլլայ», ըսաւ ան` մանրամասնելով, որ իրանցի բանակցողները յանձնառութիւն յայտնած են ոչ միայն չստեղծելու, այլ նաեւ չգնելու հիւլէական զէնքեր:
«Ատիկա մեծ տարբերութիւն է… այսինքն` մենք դանդաղօրէն մեր ուզածը կը ստանանք», նշած է Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրանցի պաշտօնատարները «շատ տոկուն բանակցողներ» կոչելով յայտնած է, որ պիտի արտօնէ, որ բանակցութիւնները ներկայ հունով ընթանան:
«Ես չեմ շտապեր… Կ՛ուզէի ըսել, թէ կը շտապեմ, որովհետեւ վառելանիւթի գիները անմիջապէս պիտի նուազին, սակայն եթէ շտապես, լաւ գործարք չես կնքեր», ըսաւ ան:
«Դանդաղօրէն, սակայն հաստատակամութեամբ մենք կը ստանանք, կը կարծեմ, այն, ինչ որ կ՛ուզենք… Իսկ եթէ չստանանք այն, ինչ որ կ՛ուզենք, ասիկա այլ կերպ պիտի աւարտենք», աւելցուց Թրամփ: