Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի խումբի Պուտափեշտի մէջ Եւրոպայի ախոյեան խումբերու ախոյեանութեան աւարտական մրցումին բրիտանական Արսենալ խումբին վրայ արձանագրած յաղթանակէն ետք, կիրակի արշալոյսին «Փարք տէ Փրենս» մարզադաշտին մօտ հրդեհներ յառաջացան, անկարգութիւններ տեղի ունեցան եւ համատարած իրարանցում տիրեց:
Ոստիկանութիւնը միջամտեց` կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու համար, եւ հաւաքուած բազմութիւնը ցրուելու նպատակով օգտագործեց արցունքաբեր կազ:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Լորան Նունիեզ յայտարարեց, թէ ոստիկանութիւնը շարք մը քաղաքներու մէջ ձերբակալած է 416 անձեր, որոնց 283-ը` մայրաքաղաք Փարիզի մէջ: