Մըթրի. «Ուաշինկթընի Հանդիպումի Ընթացքին Զինադադար Կամ Զինադուլ Պիտի Պահանջենք, Որպէսզի Կարենանք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Կերպը Քննարկել»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն եւ նշեց. «Պահանջուածը առնուազն զինադուլ մըն է, որ բանակցութիւններ կատարելը կ՛արտօնէ, որովհետեւ այդ բանակցութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուին հանդարտ մթնոլորտի մէջ եւ ոչ թէ զինուորական գործողութիւններու լոյսին տակ»: «Տեսնենք, թէ այս ժողովին ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, եւ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթըրի ըսելիքէն աւելի … Read more

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երկուշաբթի օր պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով յայտարարեց. «կը մերժենք իսրայէլեան գոյացութեան հետ բանակցութիւնները»: «Լիբանանի մէջ համաձայնութեան ու միաձայնութեան կարիք ունինք, եւ ոչ ոք առանց լիբանանեան համաձայնութեան Լիբանանը այդ ուղղութեամբ տանելու իրաւունք ունի», նշեց ան: «Կոչ կ՛ուղղենք բանակցային հանդիպումը ջնջելու պատմական դիրքորոշում որդեգրելու», յայտարարեց շէյխ Քասեմ: «Բաւ է իշխանութիւնը Դիմադրութիւնը … Read more

Փոխադարձ Յարձակումները Կը Շարունակուին

Հըզպալլա երէկ առտու յայտարարեց, թէ հարուածած է Պայյատա գիւղին մէջ իսրայէլեան նորաստեղծ դիրքը եւ Քֆարժալհատիի մէջ հրետանիի կեդրոնին մօտ ղեկավարման գրասենեակը: Հըզպալլան նաեւ յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է Կոլանի մէջ գտնուող Ըլէյքա զօրանոցը: Իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի մէջ յարձակում գործեց Ատլունի, Տէյր Անթարի եւ Սըհմորի, ինչպէս նաեւ Արապսալիմի, Շապրիհայի, Քալաուէյհի, Հաուշի, Առնունի եւ Այն Պաալի ու … Read more

Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Դիւանագիտութեան Դուռը Փակուած Չէ

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը գրեց, թէ փաքիստանցի, եգիպտացի եւ թուրք միջնորդները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակեն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի հետ աշխատանքը` փորձելով կամրջել գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները եւ վերջ տալ պատերազմին: Հակառակ Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու լարուած ընթացքին, բոլոր կողմերը տակաւին կը հաւատան, որ գործարքը կարելի է, եւ յոյս ունին մինչեւ 21 ապրիլ` զինադադարի ժամկէտի … Read more

Հայ Երեք Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, հայ երեք կուսակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած իրագործուելիք ծրագիրներն ու ձեռնարկները: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ողջունեց միջկուսակցական գործակցութիւնը` … Read more

«Թող 13 Ապրիլի Յիշատակը Միասնականութեան Դաս Ըլլայ»

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 51-ամեակին առիթով, ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցի ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու հարթակներուն վրայ հրապարակուեցաւ հետեւեալ գրառումը «13 ապրիլին կը յիշատակենք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին սկզբնաւորութիւնը` իբրեւ յիշողութեան մէջ բացուած վէրք: Կը վերանորոգենք մեր յոյսը, որ այս յիշատակը մնայ դաս միասնականութեան, եւ ոչ թէ պատճառ դառնայ բաժանումի, եւ որ չկրկնուի ցաւը հայրենիքի մը մէջ, որ արժանի է … Read more

Փարիզի Մէջ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

11-12- ապրիլին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով մը, որուն հիմնական նպատակն էր հաւաքաբար քննարկել վերջին տարիներուն հայկական աշխարհը ցնցած աննախընթաց տագնապները, զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքը` ձեւաւորելով միասնական ու նպատակաուղղուած կեցուածք ի նպաստ Հայաստանի պետութեան, հայկական սփիւռքին եւ առհասարակ հայկական շահերուն ու Հայ դատին: Խորհդաժողովին ներկայ գտնուեցան 25 երկիրներէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` … Read more

Արցախի Օրինակը Բերելով` Էրտողան Կը Սպառնայ Իսրայէլի Դէմ Ռազմական Գործողութեանց Դիմելß Իսրայէլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Յիշէ Իր Պատասխանին Մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր սպառնաց Իսրայէլի դէմ ռազմական գործողութեանց դիմել` պաղեստինցիներու եւ լիբանանցիներու դէմ իսրայէլեան իշխանութիւններուն բարբարոսական ոճիրները կասեցնելու նպատակով: Իր սպառնական խօսքին մէջ, Էրտողան իբրեւ օրինակ յիշեց Արցախի դէմ ազրպէյճանաթրքական ռազմական գործողութիւնները` անգամ մը եւս խոստովանելով, թէ Անգարա գործնականապէս մեղսակից էր Արցախը հայաթափելու դաւադրութեան: Հակադարձելով այս սպառնալիքին, Իսրայէլ «բռնատէր» որակեց Էրտողանը … Read more

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Միւնիխ Պիտի Կարենայ Դուրս Ձգել Ռէալ Մատրիտը

Անցեալ երեքշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին, Պայերն Միւնիխ բաւական լաւ ելոյթ մը ցուցաբերեց Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ եւ մանաւանդ առաջին կիսախաղին մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելէ ետք 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար մինչեւ 74-րդ վայրկեան, երբ ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ կրցաւ կոլ նշանակել Մանուէլ Նոյըրի բերդին մէջ: Պէտք է … Read more

Մարմնամարզութիւն. Հայ Մարզիկներու Յաջող Ելոյթները

Հայ մարզիկները յաջող ելոյթ ունեցան 2026-ի աշխարհի բաժակի 5-րդ մրցաշարքին` Օսիեքի մէջ (Խրուաթիա): Անցեալ փետրուարին Քոթպուսէն (Գերմանիա), Պաքուէն (Ազրպէյճան), Անթալիայէն (Թուրքիա) եւ Գահիրէէն (Եգիպտոս) ետք Օսիեք անցեալ շաբաթ հիւրընկալած էր 5-րդ մրցաշարքը: Տարեշրջանի վերջին ելոյթը սկզբունքով Տոհան (Քաթար) պիտի հիւրընկալէր, բայց Միջին Արեւելքի անկայուն վիճակին պատճառով ջնջուած էր 6-րդ մրցաշարքը: Համլեթ Մանուկեան Գահիրէի մէջ ոսկի … Read more