Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը գրեց, թէ փաքիստանցի, եգիպտացի եւ թուրք միջնորդները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակեն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի հետ աշխատանքը` փորձելով կամրջել գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները եւ վերջ տալ պատերազմին:
Հակառակ Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու լարուած ընթացքին, բոլոր կողմերը տակաւին կը հաւատան, որ գործարքը կարելի է, եւ յոյս ունին մինչեւ 21 ապրիլ` զինադադարի ժամկէտի աւարտը կազմակերպել բանակցութիւններու նոր փուլը:
Շրջանային աղբիւրներու համաձայն, կացութիւնը փակուղիի մէջ չէ, եւ երկու կողմերն ալ պարզապէս կը սակարկեն:
Ամերիկացի պաշտօնատարները կը նշեն, որ գործարքը կայանալի պիտի ըլլայ, եթէ Իրան ճկունութիւն ցուցաբերէ եւ ընդունի Իսլամապատի առաջարկը` իբրեւ լաւագոյն կարելի տարբերակ:
Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը դիտարկէ հարուածներու վերսկսման կարելիութիւնը, եթէ յայտարարուած ծովային շրջափակումը Իրանին չստիպէ փոխել իր ընթացքը:
Սպիտակ տունը կը շեշտէ, որ շրջափակումը բանակցային հոլովոյթի մաս է եւ նպատակ ունի Իրանին չարտօնել Հորմուզի նեղուցը իբրեւ լծակ օգտագործել:
Բանակցութիւններու հիմնական խոչընդոտները կը վերաբերին հիւլէական խնդիրին: Միացեալ Նահանգներ կը պահանջեն, որ Իրան սառեցնէ իւրանիոմի հարստացումը եւ հրաժարի բարձր հարստացուած իւրանիոմի իր պաշարներէն, մինչդեռ Թեհրան կը պահանջէ սառեցուած դրամատնային հաշիւներու ապասառեցում` իր զիջումներուն դիմաց:
Հակառակ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի պնդման, թէ կողմերը գործարքէն ընդամէնը «քանի մը սանթիմեթր» հեռաւորութեան վրայ էին, ամերիկեան կողմը այդ մէկը չի հաստատեր, թէեւ կ՛ընդունի որոշակի յառաջընթացի փաստը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմէն պաշտօնատար մը «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իրանի հետ համաձայնութեան բոլոր տուեալները ունինք, սակայն անոնք տակաւին չեն ամբողջացած»:
Չորս աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը այս շաբաթ Իսլամապատ պիտի վերադառնան` շարունակելու համար բանակցութիւնները»:
Աղբիւրներ «Պլումպըրկ»-ին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի իշխանութիւնները կը սերտեն յառաջիկայ շաբաթ զինադադարի ժամկէտի աւարտէն առաջ զայն երկարաձգելու բանակցութիւններ կատարել»:
ԻՐՆԱ իր կարգին նշեց. «Մինչեւ հիմա Իրանի եւ Ամերիկայի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլի ժամկէտ կամ թուական չճշդուեցաւ»:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ փաքիստանեան իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներուն եւ Իրանին առաջարկած են Իսլամապատ գալ բանակցութիւններու երկրորդ փուլին համար` աւելցնելով. «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլին ժամկէտ կամ թուական չճշդուեցաւ»:
Փաքիստանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Իրանի հետ կապ հաստատեցինք եւ ստացանք դրական պատասխան մը, թէ բանակցութիւններու երկրորդ փուլին նկատմամբ դրական տրամադրուած է»:
Իրանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Իրան կրնայ Միացեալ Նահանգներու հետ արդար գործարք կնքել, եթէ ամերիկեան կողմը հաւատարիմ գտնուի միջազգային արժեչափերուն եւ հաշուի առնէ Թեհրանի «կարմիր գիծերը»:
Փեզեշքիան Փութինի ըսած է, թէ Իսլամական հանրապետութիւնը ամբողջովին պատրաստ է կնքելու հաւասարակշռուած ու արդարացի համաձայնագիր մը, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայուն անվտանգութիւն պիտի ապահովէ: Սակայն ատիկա կարելի պիտի ըլլայ, եթէ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ գտնուին միջազգային իրաւական արժեչափերուն:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս յայտարարեց. «Իրանցիները բանակցութեան սեղանէն չհեռացան, եւ կը նախատեսեմ, թէ պիտի վերադառնան եւ մեր ուզածը պիտի տան»:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ եւ Իսլամապատի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն մէջ իրանեան պատուիրակութեան պետ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Ամերիկան մեր տրամաբանութիւնն ու սկզբունքները հասկցաւ, եւ ժամանակն է, որ որոշէ, եթէ մեր վստահութիւնը կրնայ շահիլ կամ ոչ»:
«Նախաձեռնութիւններ կատարեցինք, սակայն միւս կողմը ձախողեցաւ բանակցութիւններուն մէջ մեր վստահութիւնը շահիլ», ըսաւ ան:
Իրանական երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին. «Իսլամապատի մէջ բանակցութիւններուն մթնոլորտը լարուած եւ ոչ բարեկամական էր»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները բանակցութիւններէն «դասեր չքաղեցին»` ընդգծելով. «Բարի կամեցողութիւնը բարի կամեցողութիւն կը ստեղծէ, իսկ թշնամանքը թշնամանք կը ստեղծէ»:
Նշենք, որ երկուշաբթի օր Թեհրանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատունը վերաբացուեցաւ:
Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը յայտարարեց. «Արաբական ծոցին եւ Օմանի ծովին մէջ նաւահանգիստներու անվտանգութիւնը կա՛մ բոլորին համար կ՛ըլլայ, կա՛մ ալ` ոչ ոքի»:
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր նշեց. «Բրիտանիան կրնայ Իրանի մէջ պատերազմին վերաբերեալ քաղաքական եւ դիւանագիտական դեր կատարել»:
Իրանի ներքին գործոց նախարար Իսքանտար Մումինի յայտնեց, որ իր երկիրը ամերիկեան ծովային «պաշարումի հաստատման պատրանքէն պիտի չազդուի, որովհետեւ ցամաքային ու ծովային 8000 քառակուսի քիլոմեթր սահմաններ ունի»:
«Սահմանային նահանգներու պաշտօնատարները պէտք է հիմնական ապրանքներու ներածումը դիւրացնեն` պաշարումի սպառնալիքը չէզոքացնելու համար», նշեց ան:
Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի պետ հազարապետ-զօրավար Ռոման Կոֆման նշեց. «Մեր առաքելութիւնը կ՛ամբողջանայ միայն իրանեան վարչակարգի փոխարինման պարագային»` նշելով. «Մեր ծրագրումը Իրանի դէմ մեր արշաւի շարունակման վրայ հիմնուած է»:
«Իրանի մէջ մեր առաքելութիւնը տակաւին չաւարտեցաւ», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Հակառակ մարտական փուլի աւարտին, կը շարունակենք իրանեան վարչակարգը տապալելու աշխատանքը»: