Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երկուշաբթի օր պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով յայտարարեց. «կը մերժենք իսրայէլեան գոյացութեան հետ բանակցութիւնները»:
«Լիբանանի մէջ համաձայնութեան ու միաձայնութեան կարիք ունինք, եւ ոչ ոք առանց լիբանանեան համաձայնութեան Լիբանանը այդ ուղղութեամբ տանելու իրաւունք ունի», նշեց ան:
«Կոչ կ՛ուղղենք բանակցային հանդիպումը ջնջելու պատմական դիրքորոշում որդեգրելու», յայտարարեց շէյխ Քասեմ:
«Բաւ է իշխանութիւնը Դիմադրութիւնը լքէ, երբ պէտք է անոր աջակցի եւ անոր կարելիութիւններէն օգտուի», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Դիմադրութեան մէջ որոշեցինք անձնատուր չըլլալ: Պիտի ձգենք, որ մարտի դաշտը խօսի», ըսաւ ան:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց. «Քասեմի յայտարարութիւնները սադրիչ կը նկատուին, մասնաւորաբար պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի բացայայտ ձախողութեան լոյսին տակ: Վերջինս վերջին շաբաթներուն մէկէ աւելի անգամներ սպառնաց, թէ իսրայէլեան բանակը Քասեմը պիտի մաքրագործէ. բան մը, որ տակաւին տեղի չունեցաւ»: