Փոխադարձ Յարձակումները Կը Շարունակուին

Հըզպալլա երէկ առտու յայտարարեց, թէ հարուածած է Պայյատա գիւղին մէջ իսրայէլեան նորաստեղծ դիրքը եւ Քֆարժալհատիի մէջ հրետանիի կեդրոնին մօտ ղեկավարման գրասենեակը:

Հըզպալլան նաեւ յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է Կոլանի մէջ գտնուող Ըլէյքա զօրանոցը:

Իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի մէջ յարձակում գործեց Ատլունի, Տէյր Անթարի եւ Սըհմորի, ինչպէս նաեւ Արապսալիմի, Շապրիհայի, Քալաուէյհի, Հաուշի, Առնունի եւ Այն Պաալի ու Այթիթի միջեւ գտնուող շրջանին վրայ:

Հըզպալլան նաեւ յարձակումներ գործեց հիւսիսային Իսրայէլի մէջ գտնուող տարբեր բնակեցման վայրերու վրայ:

Leave a Comment