Հայ Երեք Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, հայ երեք կուսակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած իրագործուելիք ծրագիրներն ու ձեռնարկները: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ողջունեց միջկուսակցական գործակցութիւնը` շեշտելով զայն աւելի խորացնելու ու ամրապնդելու հրամայականը` համասփիւռքեան ու համահայկական տարողութեամբ:

Leave a Comment