Փարիզի Մէջ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

11-12- ապրիլին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով մը, որուն հիմնական նպատակն էր հաւաքաբար քննարկել վերջին տարիներուն հայկական աշխարհը ցնցած աննախընթաց տագնապները, զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքը` ձեւաւորելով միասնական ու նպատակաուղղուած կեցուածք ի նպաստ Հայաստանի պետութեան, հայկական սփիւռքին եւ առհասարակ հայկական շահերուն ու Հայ դատին:

Խորհդաժողովին ներկայ գտնուեցան 25 երկիրներէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` համայնքային ղեկավարներ, կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ եւ երիտասարդներ:

Մասնակիցները եկած էին հետեւեալ երկիրներէն` Հայաստան, Արցախ, Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Ֆրանսա, Անգլիա, Յունաստան, Աւստրիա, Լիւքսամպուրկ, Ռուսիա, Պելճիքա, Շուէտ, Զուիցերիա, Սպանիա, Կիպրոս, Գերմանիա, Իտալիա, Պուլկարիա, Նետերլանտներ, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Արժանթին եւ Ուրուկուէյ:

Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան խօսք առաւ կազմակերպող յանձնախումբի պատասխանատուներէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան:

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու գծով մենք ականատես ենք մտահոգիչ իրողութեան մը, ուր Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն անտեսել, պառակտել եւ արհամարհել կազմակերպուած սփիւռքի տասնամեակներու վաստակը` վտանգելով մեր հաւաքական ուժականութիւնը:

Մեր թշնամիներուն հաճոյանալու միտող այս քաղաքականութիւնը ոչ միայն չի նպաստեր Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան, այլեւ համակարգուած կերպով կը քանդէ մինչեւ այսօր միացեալ ջանքերով կառուցուածը:

Այս ընդհանուր ընթացքը իր կործանարար ազդեցութիւնը ունի նաեւ սփիւռքահայութեան վրայ` խորացնելով յուսալքութիւնը, խախտելով Հայաստանի պետութեան հանդէպ վստահութիւնը, ստեղծելով ինքնութեան ճգնաժամ, թուլացնելով համայնքային կառոյցներու համախմբումը եւ ստեղծելով սփիւռքահայութեան որոշ շերտերու մօտ ինքնամփոփումի վտանգաւոր մթնոլորտ մը:

Այս իրողութիւններուն լոյսին տակ, այս ճգնաժամային օրերուն ժամանակը չէ սփիւռքի ապագային շուրջ տեսական քննարկումներու կամ դէպի հայրենիք ուղղուող ներդրումներու եւ «բարեգործութեան» մասին խօսելու: Սփիւռքը պէտք է հանդէս գայ իբրեւ լիարժէք քաղաքական գործօն, որպէսզի միասնաբար կանխենք հայրենիքի եւ մեր ազգի ինքնութեան կորուստը:

Սակայն մեր զօրաշարժը պէտք չէ սահմանափակուի միայն իբրեւ հակադարձութիւն: Ան պէտք է ունենայ ամուր ենթահող` գաղափարական, բարոյական եւ կազմակերպական. պէտք է ըլլայ արժէք ստեղծող եւ ապագայակերտ շարժում մը, որ կը միաւորէ մեր համայնքները ոչ միայն ընդդէմ վտանգներու, այլ` յանուն ծրագրուած վերելքի:

Խորհրդաժողովը սկիզբ առաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ուղերձներու արտասանութեամբ, այնուհետեւ խօսք առին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովի առաջին կլոր սեղանին նիւթն էր «Սփիւռքի ռազմավարական դերը Ազգային հիմնախնդիրներու լուծման մէջ. ո՞րն է սփիւռքի քաղաքական օրակարգը»: Այս նիւթին շուրջ խօսելով` գրող ու հրապարակախօս Վահան Զանոյեանը անդրադարձաւ, թէ անցած 35 տարիներու փորձը կը փաստէ, որ հայկական պետութիւնը դեռ պատրաստ չէ ընդհանուր ազգային շահերը պաշտպանելու: Ուրեմն ազգը ինքն իր օրակարգը պէտք է հետապնդէ` իբրեւ լրացուցիչ, սակայն ոչ թէ պետութեան մրցակից օրակարգ: Ազգը պէտք է վերակազմակերպուի եւ մշակէ այնպիսի համաշխարհային լծակներ, որպէսզի անուրանալի եւ անփոխարինելի ուժ դառնայ պետութեան համար:

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտնեց, որ սփիւռքը պէտք է զօրաշարժի  դրօշակակիրը դառնայ` Արցախի հիմնահարցը բարձրացնելով միջազգային ատեաններու մէջ: Սփիւռքը, որ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր պահանջատիրութեան աշխատանք կը տանի, իր փորձառութեամբ պէտք է շարունակէ պահանջատէր դառնալ բազմապատկելով մեր աշխատանքը, մանաւանդ արցախցիներու նկատմամբ ատելութեան մթնոլորտը կասեցնելու նպատակով:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան տնօրէն` Եղիսաբէթ Չուլճեանի կարծիքով, գոյատեւելու համար համահայկական աշխարհը պէտք է գործէ իբրեւ իր սեփական ճակատագիրին ինքնիշխան տէրը եւ ստեղծէ զարգացող հայրենիք մը` զօրակցուած սփիւռքով, որ ինքնին աշխարհաքաղաքական ուժ է, եւ հայ ազգի «երկրորդ բանակ»: Հայ դատի համաշխարհային ցանցին ռազմավարական խորութիւնը կը հանդիսանայ սփիւռքեան «ուժի բազմապատկիչը»` պաշտպանելու հայկական շահերը, պահպանելու մեր ժառանգութիւնը եւ յառաջ մղելու հայկական իղձերը վեց ցամաքամասերու վրայ: Սփիւռքը ազգին կենսական սուրն ու վահանն է, որ կը լրացնէ պետական մակարդակի դիւանագիտութեան կառուցողական տարրերը`, միաժամանակ բարձրացնելով հայկական հարցերը, պահանջելով հայութեան իրաւունքները եւ ընդլայնելով Հայաստանի կարելիութիւններու դաշտը այնպիսի ձեւերով, որոնք պետական դիւանագիտութեան կարողութիւններէն վեր են:

Գերմանահայոց Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ` Յովնաթան Շփանկենպերկ իր կարգին յայտնեց, որ արդարութեան պահանջը կը մնայ կեդրոնական առաքելութիւն` ազգային եւ համամարդկային իմաստով: Եւրոպական քաղաքական 8-րդ վեհաժողովին, պէտք է համազգային ուժերով Արցախի հայութեան իրաւունքները յստակ եւ վճռականօրէն բարձրացնենք:

Ի վերջոյ, ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, սփիւռքը պէտք է ռազմավարական դեր ունենայ ազգային եւ համազգային խնդիրներու լուծման մէջ: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, որ սփիւռքը իր քաղաքական օրակարգին մաս դարձնէ երկու իրար շաղկապուած հարցեր` սփիւռքի հաւաքական քաղաքական կամքի դրսեւորման միջոցի, գործիքի ստեղծումը եւ հաւաքական քաղաքական կամքի ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական օրակարգին մէջ: Երբ հարցերը ըլլան համազգային, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջականութիւնը, ցեղասպանութեան հարցը, Արցախի հարցը, ինքնութեան պահպանումն ու համայնքներու հարցերու պաշտպանութիւնը, սփիւռքի դերակատարութիւնը անհրաժեշտ է:

Խորհրդաժողովի երկրորդ կլոր սեղանին նիւթն էր` «Ազգային արժէքներու եւ Հայ եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման համար. նոր իրավիճակի մարտահրաւէրներ»: Այս նիւթին շուրջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ  Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ այսօր մեր ազգը կանգնած է դժուար պայմաններու առջեւ, եւ այս խորհրդաժողովը իր կարեւորութիւնը ունի Հայաստան-սփիւռք միասնական խորհրդածութեան համար: Հայ ժողովուրդը ցեղասպանութենէն ետք կրցած է ոչ միայն պահել իր ինքնութիւնը, այլ նաեւ պատրաստել այնպիսի սերունդ մը, որ տէր դարձած է ներկայ հանրապետութեան եւ կերտած է Արցախի ազատագրումը: Ան նշեց, այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, թշնամիին հետ համագործակցելով կը քանդեն հայկական ինքնութեան հիմնասիւները, Հայոց եկեղեցին եւ Արցախի հիմնահարցը: Այս պատճառով է, որ Արցախի հիմնախնդիրը միջազգային ատեաններուն մէջ տեղ չի հասնիր: Հետեւաբար, նախ պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանի պետականութեան պաշտպանումը համազգային հարց է, եւ սփիւռքը Հայաստանի պետականաշինութեան մասնակից է: Պէտք է դրական արդիւնք ունենանք 7 յունիսին կայանալիք ընտրութիւններուն, որպէսզի վերադառնանք մեր ռազմավարական օրակարգերուն:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեան իր կարգին յայտնեց, որ հայ եկեղեցին թէ՛ կրօնական, թէ՛ դաստիարակչական եւ թէ՛ քաղաքական կեցուածք ունեցած է պատմութեան ընթացքին: Ֆրանսայի մէջ, ներկայիս կան 8 ամէնօրեայ դպրոցներ, որոնցմէ վեցը կը գտնուին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին տակ: Դպրոցաշինութեան աշխատանքը արդէն կը շարունակուի ֆրանսայի նորաստեղծ համայնքներուն մէջ, որպէսզի հայկական դաստիարակութիւնը հասանելի դառնայ բոլոր հայերուն համար:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան իր կարգին յայտնեց, որ ներկայիս համայն աշխարհը կ՛անցնի տեսակաւոր եւ տագնապալի հարցերէ, եւ այս բոլորին հետեւանքը մենք կը կրենք: Այս բոլոր հարցերուն դէմ, Հայաստանը կարող է տեսականօրէն ինքզինք պաշտպանել իբր պետութիւն, սակայն սփիւռքը ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուի այս ներկայ անբարենպաստ պայմաններուն մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ պէտք է աջակցէր սփիւռքը ամրացնելու ճիգին, կը բարդացնէ հարցը եւ ծանր իրավիճակ կը ստեղծէ սփիւռքահայութեան համար: Սփիւռք պահելը այլեւս լոզունգ մը չէ, այլ մարտահրաւէր: Հետեւաբար, Հայ եկեղեցին կը շարունակէ պաշտպան եւ թիկունք հանդիսանալ հայ ինքնութեան գոյատեւման: Մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կառոյցները նաեւ իրենց ուրոյն ներկայութեամբ կ՛օժանդակեն մեր ազգութեան շէնքը կանգուն պահելու աշխատանքին: Եթէ ժամանակները փոխուած են, պէտք է նոր միջոցներու դիմել, նոր մտածողութիւն կերտել, որպէսզի դիմակայենք դժուարութիւնները եւ պատմութեան էջերը նոր յաղթանակներով լեցնենք:

Ըստ ազգային-եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ տոքթ. Սարգիս Մեսրոպեանի, սփիւռքի ինքնութեան հայապահպանման գլխաւոր մարտահրաւէրը ազգային յիշողութեան թուլացումն է, պատմութեան մոռացութիւնն ու սեփական արմատներուն անհաղորդ դառնալը: Այս վտանգին դիմաց հայ եկեղեցին կը մնայ մեր ինքնութիւնը խարսխող ամէնէն լուրջ եւ ամէնէն կայուն համահայկական կառոյցը, որուն շուրջ համախմբուիլը ո՛չ միայն հոգեւոր, այլեւ ազգային անհրաժեշտութիւն է: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է համազգային համախմբումը, որպէսզի սփիւռքահայութիւնը չկորսնցնէ իր դէմքը, իր յիշողութիւնն ու իր հոգեւոր-ազգային յենարանը: Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գառնիկ աւագ քհնյ. Գոյունեան յայտնեց, որ Հայ եկեղեցին հայութեան հոգեւոր հիմքն է եւ ինքնութեան ձեւաւորման առանցքը: Հայ ժողովուրդի գիտակցական կեանքը սկսած է քրիստոնէութեան ընդունումով եւ Սուրբ Գիրքի թարգմանութեամբ: Հետեւաբար, Հայ եկեղեցին եղած է հայ մշակոյթի, գիտութեան եւ արուեստի զարգացման աղբիւրը, որ կ՛ամրապնդէ հայ ինքնութեան պահպանումը:

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովի երրորդ կլոր սեղանի նիւթն էր` «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցեր եւ հորիզոններ»: Հայաստանի Հանրապետութեան նախորդ վարչապետ Վազգէն Մանուկեան բաժնեց նախկին կլոր սեղանի ընթացքին արտայայտուած մտահոգութիւնները եւ շեշտեց 7 յունիսի ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը: Ան անդրադարձաւ, որ պէտք է գիտակից ըլլանք, թէ այսօր ի՛նչ աշխարհի մէջ կ՛ապրինք, ի՛նչ թշնամիներով եւ սպառնալիքներով շրջապատուած ենք: Շրջանին մէջ ամէն մէկը իր շահը կը պաշտպանէ` տնտեսական, քաղաքական, շրջանային եւ այլ հարթակներու վրայ, ուրեմն մենք եւս պէտք է մրցակցութեան մէջ մտնենք, որպէսզի կարենանք շահեր քաղել այս իրավիճակէն: Մեզի համար շատ կարեւոր է մեր պետութեան պահպանումը: Հակառակ ներկայ ընկճուածութեան, պէտք է հպարտանանք մեր անցեալով, գոյատեւենք եւ ոգեւորուած կերտենք մեր ապագան: Ինչ ալ ըլլան յառաջիկայ ընտրութիւններուն արդիւնքները, Արցախի հարցը միշտ պէտք է մնայ օրակարգին վրայ` նորանոր աշխատանքային ուղղութիւններ հայթայթելով: «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու անցեալի դրական քայլերուն եւ աւելցուց, որ ներկայ իշխանութիւնները արգելք կը դառնան այս յարաբերութիւններուն` սփիւռքի հետ կապերը քանդելով, ազգային արժէքները նսեմացնելով եւ Արցախի ու Հայաստանի վերաբերեալ զիջումներ կատարելով:

Զուիցերիոյ հայկական միութիւններու նախագահ Սարգիս Շահինեանի կարծիքով, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները կենսական են եւ անոնց թուլացումը, յատկապէս սփիւռքի նախարարութեան վերացումէն ետք, մտահոգիչ ուղղութիւն կը մատնանշէ: Հետեւաբար, պէտք է անպայման վերակառուցել այս կապը միացեալ տեսլականով: Հայաստանը պէտք է պահպանէ բարի դրացիութիւն` միջազգային իրաւունքի հիման վրայ, բայց ոչ լռութեան գնով` իր ինքնիշխանութեան խախտումներուն դիմաց, ո՛չ ալ կոյր յոյսերով արտաքին ուժերու վրայ: Մինչդեռ սփիւռքը միջազգային հարթակներուն վրայ պէտք է վերակենդանացնէ իր դերը Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան մէջ, առանց անպտուղ ներքին մեղադրանքներու, եւ պէտք է ներկայանայ իբրեւ բոլոր փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն պաշտպան` համամարդկային արժէքներու անունով, ինչպէս նաեւ պէտք է դառնայ համաշխարհային բազմազանութեան գործուն մասնակից:

Ֆրանսահայ քաղաքական վերլուծաբան եւ լրագրող Տիգրան Եկաւեան իր կարգին անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքեան տեսական քաղաքականութեան: 2018-ի յեղափոխութիւնը թէեւ յոյսեր ստեղծեց, սակայն իրականութեան մէջ արձանագրուեցաւ յետընթաց մը, յատկապէս սփիւռքի նախարարութեան վերացումով, որ թուլացուց պետական կարողութիւնները եւ սփիւռքի հետ կապը: Գաղափարական այս փոփոխութիւնները Հայ եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ լարուածութիւն մը ստեղծեցին, սփիւռքի վստահութիւնը թուլացուցին եւ բացայայտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ համակարգման բացակայութիւնը: Արդարեւ, վերլուծութիւնը կ՛եզրակացնէ, որ հաստատութիւններու, խորհրդանշական եւ ռազմավարական մակարդակներու վրայ, Հայաստան չկրցաւ օգտագործել սփիւռքի ներուժը եւ ատոր փոխարէն անվստահութիւն ստեղծեց:

Ի վերջոյ,ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ նշեց, որ պէտք է բոլոր հայկական գաղութներուն մէջ ներքին միասնականութեամբ աշխատինք եւ միասնութեան ու համագործակցութեան ձեւ մը գտնենք Հայաստանէն դուրս գաղթող ժողովուրդին հետ: Ան աւելցուց, որ մինչեւ այսօր միայն Թուրքիայէն սփիւռքի դէմ բողոքներ կը հնչէին, սակայն հիմա այս իշխանութիւնները իրենք կը բողոքեն սփիւռքի դէմ: Իրենց համար գլխացաւ է սփիւռքը, ինչպէս գլխացաւ էր Արցախը, եւ դժբախտաբար այսօր Հայաստանի ճակատագիրը իրենց ձեռքերուն մէջ է: Ուրեմն, պէտք է պայքարինք մեր պետականութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազանքը իրականութիւն դարձնելու համար:

12 ապրիլին, սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովը շարունակուեցաւ իր չորրորդ կլոր սեղանով, որուն նիւթն էր` «Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում յանուն համազգային նպատակներու»: Այս կլոր սեղանին ընթացքին, ֆրանսահայ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ տոքթ. Րաֆֆի Գալֆայեան յայտնեց, որ սփիւռքի մէջ գործողութիւններու եւ զօրաշարժի վերաբերեալ օրակարգերուն շուրջ անհրաժեշտ է նկատի առնել իրաւունքներու համընդհանրութիւնը` իբրեւ գործողութեան սկզբունք, անկախ սփիւռքին կամ Հայաստանին պատկանելիութենէն, արդարադատութիւնը` իբրեւ հայկական ինքնութեան հիմնահարց, եւ սփիւռքի ներգրաւման եւ ազգային պետութենէն կախուածութեան յաղթահարումը:

Ամերիկահայ իրաւաբան Գառնիկ Գէրքոնեան, կեդրոնացաւ երեք առանցքային հիմնախնդիրներու վրայ, որոնք էական են այսօր սփիւռի վճռորոշ նշանակութիւնը հասկանալու համար: Ըստ Գէրքոնեանի, Արցախի հարցը պէտք է դիտարկել հայկական շարունակականութեան աւելի լայն պատմական հարթութեան վրայ: Պէտք է համադրել երկու որոշիչ պայմաններ` շրջանային աշխարհաքաղաքական անորոշութիւնը եւ այն իրողութիւնը, որ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը կը դառնայ ամէնէն խախտուած իրաւունքներէն մէկը համաշխարհային զանգուածային տեղահանութեան դարաշրջանին մէջ, ինչ որ անոր շարունակական ներկայութիւնը դիւանագիտական եւ միջազգային օրակարգին մէջ կը դարձնէ անփոխարինելի: Եւ վերջապէս, Արցախի հիմնահարցի արծարծման դերը իբրեւ անհրաժեշտ հակազդեցութիւն Ազրպէյճանի յստակ եւ հետեւողական օրակարգին` վերացնելու հայկական պետութիւնն ու հայ ժողովուրդը Հարաւային Կովկասէն:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնեց, որ սփիւռքի զօրաշարժի հիմնական յատկանիշը պէտք է ըլլայ իր լաւ եւ արդիւնաւէտ կազմակերպումը` նպատակ ունենալով սատարել երկկողմ կապերու զարգացումին հայրենիքին հետ: Անհրաժեշտ է զանազանել պետութիւնը իշխող կառավարութենէն, եւ եթէ մեր ներկայի հետապնդած նպատակը այս ապազգային իշխանութեան հեռացումն է, ազգային գերագոյն շահերու պարագային սփիւռքը իր կարելին պէտք է ընէ սատարելու համար պետութեան շահերուն:

«Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի «Խաչիկեան» ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեան աւարտեց այս կլոր սեղանը յայտնելով, որ սփիւռքը ինքնիրեն ու Հայաստանին զօրավիգ կանգնելու համար անհրաժեշտ է, որ նախ ինքզինք սահմանէ, արժեւորէ եւ իր կայուն եւ ինքնաբաւ գոյատեւման պայմանները ապահովէ: Սփիւռքի հիմնական դրամագլուխը իր անդամներուն ինքնութիւնն է, որ հետզհետէ աւելի բազմատար դառնալով, անհրաժեշտ է, որ աւելի խարսխուի մշակոյթի ու լեզուի վրայ, փոխանակ արեան եւ բացակայ հողի ու դրկիցներու: Փրոֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեան կեդրոնական կը նկատէ արեւմտահայերէնի վիճակը: Ան լեզուն կը դիտէ ոչ միայն իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց, այլեւ իբրեւ ինքնութեան գիտակցութեան ձեւաւորման հիմնական տարածք: Իր կարծիքով` լեզուի կորուստը կը նշանակէ ոչ միայն մշակութային նահանջ, այլեւ մտածողութեան եւ արժեհամակարգի քայքայում սփիւռքեան իրականութեան մէջ:

Վերջապէս, խորհրդաժողովի համադրող կազմի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան փակեց խորհրդաժողովը յայտնելով, որ պատմական շրջադարձի մը առջեւ կը գտնուինք այսօր: Հայաստան կը դիմագրաւէ անվտանգային, քաղաքական եւ ազգային լուրջ հարցեր, իսկ Արցախի հայաթափումը բաց վէրք է ամբողջ հայութեան սրտին մէջ: Այս իրականութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ո՛չ թէ լռութիւն, այլ վճռականութիւն: Սփիւռքը երբեք միայն զգացական աջակցութիւն տուող կառոյց չէ եղած: Ան եղած է ազգային կամքի արտայայտութիւն, գոյատեւման երաշխիք եւ պետականութեան յենասիւն: Այսօր եւս մենք պարտաւոր ենք բարձրաձայնել մեր մտահոգութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղութեամբ` յստակ, պատասխանատու եւ հայրենանուէր դիրքերէ մեկնած: Հայաստանը չի՛ կրնար առանձինն հայ ազգին վերաբերող որոշումներ տալ, Հայաստանը չի՛ կառուցուիր առանց ամբողջ հայութեան վստահութեան, մասնակցութեան եւ համազգային ռազմավարութեան: Միեւնոյն ժամանակ մենք կը շեշտենք, որ Արցախի հարցը փակուած չէ: Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, վերադարձի իրաւունքը, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը կը մնան համազգային առաջնահերթութիւններ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ ապրող հայրենակիցներուն, որոնք մօտիկ ապագային պիտի կատարեն կարեւոր ընտրութիւն երկրի կառավարման հարցով, կ՛ուզենք յիշեցնել, որ այդ ընտրութիւնը ձեր իրաւունքն է եւ ձեր պատասխանատուութիւնը: Սփիւռքը չի թելադրեր, չի խրատեր վերեւէն, այլ կը կիսէ իր մտահոգութիւնը եւ յոյսը ձեզի հետ: Մեր միակ մաղթանքն է, որ ձեր որոշումները առաջնորդուին Հայաստանի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման, ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, ազգային արժանապատուութեան եւ համազգային միասնութեան գիտակցութեամբ եւ ըստ այնմ շրջադարձելով ու փոխելով ներկայի գահավէժ ընթացքը: Ուժեղ Հայաստանը անհրաժեշտ է ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, այլեւ ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան: Հայաստանի Հանրապետութիւնը միայն աշխարհագրական տարածք չէ, ան ամբողջ հայութեան հայրենիքն է, անոր պետականութիւնը: Արցախի պայքարը միայն անցեալի յիշողութիւն չէ, ան ապագայի պարտաւորութիւն է: Հայաստանն ու սփիւռքը, այդ իսկ կարգով, միասնաբար Ցեղասպանութեան վերապրումի ժառանգորդն են եւ ապագայի պատասխանատու կերտիչը: Սփիւռքը միայն դիտորդ չէ, ան պատասխանատու դերակատար է ամէնուրեք: Իսկ ազգի գոյատեւման լաւագոյն երաշխիքը հայոց պետականութեան ամրակայումն է:

Աւարտին խորհրդաժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց կոչ-յայտարարութիւն մը: Երկու օրուան վրայ տեւած լուրջ եւ խորքային քննարկումներէ ետք, խորհրդաժողովը փակուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց քայլերգով:

 

Leave a Comment