Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր սպառնաց Իսրայէլի դէմ ռազմական գործողութեանց դիմել` պաղեստինցիներու եւ լիբանանցիներու դէմ իսրայէլեան իշխանութիւններուն բարբարոսական ոճիրները կասեցնելու նպատակով:
Իր սպառնական խօսքին մէջ, Էրտողան իբրեւ օրինակ յիշեց Արցախի դէմ ազրպէյճանաթրքական ռազմական գործողութիւնները` անգամ մը եւս խոստովանելով, թէ Անգարա գործնականապէս մեղսակից էր Արցախը հայաթափելու դաւադրութեան:
Հակադարձելով այս սպառնալիքին, Իսրայէլ «բռնատէր» որակեց Էրտողանը եւ իր կարգին յիշեցուց, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը «հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութեան վրայ», ինչպէս նաեւ յիշեցուց հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ Անգարայի կողմէ քիւրտերու ու այլ փոքրամասնութիւններու շարունակուող հալածանքները: