Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Կը Սուրայ, Պարսելոնա Ինթէր Եւ Լանս Առաջին Մնացին

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արսենալ իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պորնմաութի դաշտին վրայ: Կապրիէլ եւ Տեքլան Ռայս (2) նշանակեցին «ռմբաձիգներուն» կոլերը, այսպիսով Արսենալ 6 կէտով հեռացաւ Մանչեսթըր Սիթիէն: Սիթի 1-0 արդիւնքով կը յաղթէր Չելսիին, որ սակայն 94-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը` միջնապահ Էնզօ Ֆեռնանտեսի միջոցով: Լիվըրփուլ 2026-ի իր … Read more

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց Պաթրունին` 96-90 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի այս տարեշրջանի երթի իրենց վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 96-90 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ արձանագրեցին Պաթրունի վրայ: Մրցումը բաւական դժուար էր, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ, ինչպէս իր վերջին 4 մրցումներուն, վիրաւոր Թայլըր Պէյի հետ փորձեց խաղալ: Ինչպէս մարզիչ Ճօ Մոժահես ըսաւ, Թայլըր իր 30 տոկոս կարողութեամբ խաղցաւ, բայց անհրաժեշտ էր անոր ներկայութիւնը, մանաւանդ որ մրցակից … Read more

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթանակով Վերադարձաւ Հիւսիսէն

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը շաբաթ օր մեկնեցաւ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլի, ուր այցելեց շրջանի հայկական կեդրոնը եւ ջերմ ընդունելութեան արժանանալէ ետք ոգեւորուած մեկնեցաւ դաշտ: Թրիփոլիի պահեստի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Հարաքեթ Շապապի դէմ բաւական լաւ ելոյթ մը ունեցաւ եւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումը եղաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց գրեթէ ամբողջական տիրապետութեամբ, բայց տղաքը շատ … Read more

Բռնցքամարտ. Հայաստանի Ֆետերասիոնը Միացաւ «Ուորլտ Պոքսինկ»-ին

Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս դարձաւ «Ուորլտ Պոքսինկ»-ի միջազգային կազմակերպութեան անդամ: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէէն ճանչցուած «Ուորլտ պոքսինկ»-ի գործադիր կոմիտէի նիստին քննարկուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Հայաստանի անդամակցութիւնը: Այս որոշումը նոր կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ հայ մարզիկներուն: 2026-էն սկսեալ Հայաստանի ներկայացուցիչները իրաւունք կը ստանան մասնակցելու այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան նախատեսուած բոլոր մրցաշարքերուն: Նշենք, որ «Ուորլտ Պոքսինկ»-ը ստեղծուած է` նպատակ ունենալով պահպանել բռնցքամարտի … Read more

«Էմ. Էմ. Էյ. Ծառուկեանի Նուէրը

Խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») թեթեւ կշիռի կարգի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող 29 տարեկան Արման Ծառուկեան նուէր ստացած է Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտէն: Ծառուկեան ընկերային ցանցերուն վրայ կարճ տեսանիւթ մը հրապարակած է` ցուցադրելով անգլիական ակումբի խաղաշապիկը, որուն վրայ սեւ տառերով ստորագրած էր նորվեկիացի կոլսքորըրը: Շնորհակալութի՛ւն, Հաալանտ», գրած է Ծառուկեան: Նշենք, որ Ծառուկեան իր արհեստավարժ … Read more

Դահուկարշաւ. Միքայէլ Միքայէլեան Տուգանքի Ենթարկուեցաւ…

Դահուկարշաւի եւ «սնոպորտ»-ի միջազգային ֆետերասիոնը կարգապահական պատժամիջոցներ կիրարկեց հայ մարզիկ Միքայէլ Միքայէլեանի նկատմամբ` «Թուր տը սքի» բազմօրեայ մրցաշարքի ընթացքին: Տուգանքին պատճառը այն էր, որ Միքայէլեան կպչուն ժապաւէնով ծածկած էր իր շապիկին վրայ գտնուող Ազրպէյճան գրութիւնը, որ մրցաշարքի պաշտօնական հովանաւորներէն մէկն էր: Ֆետերասիոնը չհրապարակեց նիւթական տուգանքի չափը: Միքայէլեան նոյնպէս իր առած քայլին մասին որեւէ մեկնաբանութիւն չկատարեց: … Read more

Զելարայեան Հանդիպում Ունեցաւ Մեսսիի Հետ

Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան յուզումնախառն հանդիպում մը ունեցած է արժանթինցի Լիոնել Մեսսիի հետ: Հայազգի ֆութպոլիստը խոստովանած է, որ կրցած է իրականացնել իր կեանքի երազներէն մէկը` հանդիպիլ պատմական մարզիկին հետ: Զելարայեան օգտուած է Պելկրանօ ակումբին պատրաստական հաւաքներուն ընթացքին տրուած հանգստեան օրէն եւ մեկնած Ռոզարիօ, ուր Մեսսի կ՛անցընէ արձակուրդը իր ծննդավայրին մէջ: Պելկրանոյի խմբապետը այցելած … Read more

Տիմիթար Փենեւ Ոչ Եւս Է – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Տիմիթար Փենեւ, որ 1994-ի Մոնտիալին Պուլկարիոյ ազգային խումբը առաջնորդած էր կիսաւարտական, մահացաւ 80 տարեկանին: Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտնեց, որ Փենեւ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է: Փենեւ, որ 20-րդ դարու լաւագոյն պուլկար մարզիչի տիտղոսը շահած էր, Պուլկարիոյ պատմութեան ամէնէն շատ մրցանակներ շահած մարզիկ-մարզիչներէն մէկն է: 1994-ին 4-րդ դիրքը գրաւած Պուլկարիոյ պատմութեան ամէնէն յաջող արդիւնքն էր, … Read more

Ուուշու-Քոնկ Ֆու. Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը 16 Ոսկի Մետալ Ապահովեց

Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Ուուշու-քոնկֆուի ֆետերասիոնին կազմակերպած թաօ-լուի մրցաշարքին եւ ապահովեցին 16 ոսկի մետալներ: Հայ սեւ գօտիներու միութեան կողքին 4 այլ ակումբներ ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտ 30 մարզիկներով: Յարութ Վարդանեանի գլխաւորած խումբէն ոսկի մետալներ ապահովեցին հետեւեալ մարզիկները. Անի Վարդանեան – 4 ոսկի մետալԱլեքս Ուաքիմ – 4 ոսկի մետալՔրիստ Սուլեան … Read more

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Հարաքեթ Շապապ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այսօր ժամը 14:15-ին Թրիփոլիի պահեստի դաշտին վրայ (Ռաշիտ Քարամէի անուան դաշտին կից) տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին գծով Հարաքեթ Շապապ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ այս եղանակին իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ օտար դաշտի վրայ եւ պիտի փորձէ անպայման 3 կէտերով վերադառնալ Պէյրութ: Ժալիլ Քանա (կամ Ռիսալա Թուրա) խումբը … Read more