Զելարայեան Հանդիպում Ունեցաւ Մեսսիի Հետ

Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան յուզումնախառն հանդիպում մը ունեցած է արժանթինցի Լիոնել Մեսսիի հետ:

Հայազգի ֆութպոլիստը խոստովանած է, որ կրցած է իրականացնել իր կեանքի երազներէն մէկը` հանդիպիլ պատմական մարզիկին հետ:

Զելարայեան օգտուած է Պելկրանօ ակումբին պատրաստական հաւաքներուն ընթացքին տրուած հանգստեան օրէն եւ մեկնած Ռոզարիօ, ուր Մեսսի կ՛անցընէ արձակուրդը իր ծննդավայրին մէջ:

Պելկրանոյի խմբապետը այցելած է Մեսսիի տունը եւ անոր յանձնած իր ակումբի մարզաշապիկը:

«Ես իրականացուցի իմ երազս` հանդիպելով բոլոր ժամանակներու մեծագոյն ֆութպոլիստին: Շնորհակալութիւն Լէօ, որ ժամանակ տրամադրեցիր եւ ընդունեցիր զիս քու տանդ մէջ: Քեզի հետ ունեցած զրոյցս, իս սիրելի Պելկրանոյի շապիկը քեզի նուիրելը այն պահերն են, զորս երբեք չեմ մոռնար: Ամէնէն կարեւորը, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, որ օրինակ եւ ոգեշնչումի աղբիւր ես բոլորիս համար եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը սիրեն ֆութպոլը: Շնորհակալութիւն, որ սորվեցուցիր պայքարիլ երազներու համար եւ երբեք չյանձնուիլ բոլոր խոչընդոտներուն դիմաց: Քու համեստութիւնդ եւ պարզութիւնդ կեանքի դաս են ինծի համար», ըսած է Զելարայեան:

Զելարայեանի այս հանդիպումը շատ ուրախ պահած է նաեւ Պելկրանոյի համակիրները, որոնք հաճելիօրէն զարմացած են տեսնել Մեսսին իրենց ակումբի թիւ 10 մարզաշապիկով եւ խոստովանած են, որ չէին ակնկալեր 2026 տարին սկսիլ նման հաճելի անակնկալներով:

 

 

Leave a Comment