Լիբանանի պասքեթպոլի այս տարեշրջանի երթի իրենց վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 96-90 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ արձանագրեցին Պաթրունի վրայ:
Մրցումը բաւական դժուար էր, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ, ինչպէս իր վերջին 4 մրցումներուն, վիրաւոր Թայլըր Պէյի հետ փորձեց խաղալ: Ինչպէս մարզիչ Ճօ Մոժահես ըսաւ, Թայլըր իր 30 տոկոս կարողութեամբ խաղցաւ, բայց անհրաժեշտ էր անոր ներկայութիւնը, մանաւանդ որ մրցակից խումբը` Պաթրուն, շատ լաւ օտար մարզիկներ ունէր, եւ զանոնք զսպելը շատ դժուար էր:
Մրցումին սկիզբէն զգալի էր, որեւէ խումբ առիթ պիտի չտայ մրցակիցին, որ մեծ առաւելութիւն ձեռք ձգէ, եւ այդպէս ալ շարունակուեցաւ: ՀՄԸՄ առաջին մասին 1 կէտի առաւելութիւն ունէր (23-22), բայց Պաթրուն Բ. մասին պահ մը կրցաւ 5 կէտով հեռանալ (36-41), սակայն մինչեւ կիսախաղ ՀՄԸՄ վերագտաւ ինքզինք եւ 54-50 արդիւնքով յաղթական մեկնեցաւ կիսախաղի դադար:
Մրցումին վիճակը մնաց գրեթէ նոյնը մինչեւ վերջին մասը, ուր ՀՄԸՄ 8 կէտով հեռացաւ Այզաք Այյուպիի շնորհիւ (82-74):
Սակայն Պաթրուն անգամ մը եւս մօտեցաւ եւ անցաւ իսկ (84-87): Բայց Այզաք – Այյուպի անգամ մը եւս կարեւոր պահուն սթիլ ըրաւ եւ բուռն պայքար մղեց մրցակից փլէյմէյքըր Տեսի Ուաշինկթընի դէմ` մրցումը աւարտելով 96-90 արդիւնքով:
Անշուշտ մնացեալ տղաքը ձեռնածալ չէին դիտեր եւ բոլորն ալ իրենց կարելին ըրին կէտեր նշանակելու` մրցակիցը կասեցնելով եւ յաղթանակին մէջ դեր ունենալով:
Ճորտըն Սթիվընզ 25 կէտ նշանակեց, Թայլըր Պէյ` 18, Խալիտ Թոմաս տապըլ տապըլ ձեռք ձգեց 16 կէտով եւ 11 ռիպաունտով, մինչ Այյուպի 10 կէտով եղաւ յաղթանակի կերտիչներէն: Կապրիէլ Աճէմեան 9 կէտ աւելցուց Թանիոս Աքիքիի նման, մինչ Ահմետ Իպրահիմ 7 կէտ աւելցուց, իսկ Ազիզ Ապտել Մասիհ` 2 կէտ:
ՀՄԸՄ-ի 7-րդ յաղթանակն էր այս, եւ դարձի մրցումներէն առաջ խումբը պէտք է աւելի կեդրոնացած խաղայ չկրկնելու իր յաջորդական 4 պարտութիւնները:
Յառաջիկայ կիրակի, դարձի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ պիտի մրցի Հուփսի դաշտին վրայ:
Երթին ՀՄԸՄ տարեշրջանի իր առաջին մրցումին 90-80 արդիւնքով յաղթած էր Հուփսին, որ 5 յաղթանակներ արձանագրած է երթի իր մրցումներուն:
Երթի իր վերջին մրցումին, ախոյեան Ռիատի 122-114 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը` յետ երկարաձգման: