Տիմիթար Փենեւ, որ 1994-ի Մոնտիալին Պուլկարիոյ ազգային խումբը առաջնորդած էր կիսաւարտական, մահացաւ 80 տարեկանին:
Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտնեց, որ Փենեւ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է:
Փենեւ, որ 20-րդ դարու լաւագոյն պուլկար մարզիչի տիտղոսը շահած էր, Պուլկարիոյ պատմութեան ամէնէն շատ մրցանակներ շահած մարզիկ-մարզիչներէն մէկն է:
1994-ին 4-րդ դիրքը գրաւած Պուլկարիոյ պատմութեան ամէնէն յաջող արդիւնքն էր, ան կիսաւարտականին պարտուած էր Իտալիայէն (2-1), ապա 3-րդ դիրքի մրցումին պարտուած` Շուէտէն:
Փենեւ, որ Պուլկարիոյ լաւագոյն պաշտպաններէն էր, 364 մրցում կատարած է Սոֆիայի բանակայիններուն հետ` նշանակելով 25 կոլ: Ան 13 տիտղոսներ շահած է Սոֆիայի հետ եւ երկու անգամ ընտրուած է տարուան լաւագոյն մարզիկը:
Ան 90 անգամ կրած է Պուլկարիոյ ազգային խումբին շապիկը` ներկայացնելով զայն 1966-ի, 1970-ի եւ 1974-ի Մոնտիալներուն:
1977-ին լքելէ ետք ֆութպոլիստի իր ասպարէզը, մարզած է Սոֆիայի բանակայինները, Քուէյթի Եարմուքը, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբը: