Խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») թեթեւ կշիռի կարգի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող 29 տարեկան Արման Ծառուկեան նուէր ստացած է Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտէն:
Ծառուկեան ընկերային ցանցերուն վրայ կարճ տեսանիւթ մը հրապարակած է` ցուցադրելով անգլիական ակումբի խաղաշապիկը, որուն վրայ սեւ տառերով ստորագրած էր նորվեկիացի կոլսքորըրը:
Շնորհակալութի՛ւն, Հաալանտ», գրած է Ծառուկեան: Նշենք, որ Ծառուկեան իր արհեստավարժ ասպարէզի ընթացքին 23 յաղթանակ արձանագրած է, որոնց 15-ը` նաք-աութով, եւ կրած 3 պարտութիւն:
2025-ի վերջին օրը ան կրեփլինկի կանոններով մենամարտ կատարած էր «Եու. Էֆ. Սի.»-ի այլ յայտնի ներկայացուցիչ Շարափուտին Մակոմետովի` «Շարա Պոլեթ»-ի հետ: Գօտեմարտը, որ կը կատարուէր «միայն ցաւցնող հնարքներ» ձեւաչափով, 6 վայրկեանէն աւարտած էր հաւասարութեամբ: