Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթանակով Վերադարձաւ Հիւսիսէն

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը շաբաթ օր մեկնեցաւ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլի, ուր այցելեց շրջանի հայկական կեդրոնը եւ ջերմ ընդունելութեան արժանանալէ ետք ոգեւորուած մեկնեցաւ դաշտ:

Թրիփոլիի պահեստի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Հարաքեթ Շապապի դէմ բաւական լաւ ելոյթ մը ունեցաւ եւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումը եղաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց գրեթէ ամբողջական տիրապետութեամբ, բայց տղաքը շատ առիթներ կորսնցուցին, եւ այդ պատճառով ալ արդիւնքը այդքան ալ հանգիստ չէր:

29-րդ վայրկեանին միջնապահ գիծի տինամօ Յակոբ Նաճարեան գնդակը փոխանցեց անցեալ տարուան կոլսքորըր Սերժ Օսքեանին, որ կեդրոնէն յառաջացաւ, քանի մը մրցակից խաբելով փոխանցեց աջ` Ալի Ֆահսին, որ գեղեցիկ օվըր մը բարձրացուց վեթերան Ուասիմ Ապտել Հատիին, որ գլխու հարուածով գրաւեց Հարաքեթ Շապապի բերդը:

Բ. կիսախաղին փոփոխութիւններէն ետք Հիւսէյն Զալզալէ (որ նոր դաշտ ներկայացած էր) փոխանցեց Ապտել Հատիին, որուն հարուածը դպնալէ ետք Հարաքեթ Շապապի բերդի սիւնին` մտաւ անոր մէջ:

2-0 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ-ի տղաքը վերջին վայրկեաններուն առիթ տուին մրցակիցին, որ կրցաւ կոլ մը նշանակել, երբ բերդապահ Մոհամետ Պաթրաշի զսպած գնդակը, դպնալէ ետք սիւնին, վերադարձաւ Ժաաֆար Ֆարելին, որ առանձին նշանակեց հիւսիսի կազմին միակ կոլը:

Այսպէս, ՀՄԸՄ իր 7-րդ կէտը շահեցաւ իր 4-րդ մրցումին եւ կը փորձէ մօտ մնալ պարագլուխի դիրքերուն:

ՀՄԸՄ-ի տղոց յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ անցեալ տարուան մրցակից Ղատ Աֆտալը, որ իր կարգին բարձրացած էր Դ. դասակարգէն:

Մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ շաբաթ օր, Սաֆայի դաշտին վրայ, եւ մեր տղոց կը մնայ մնալ կեդրոնացած` անգամ մը եւս յաղթանակ ձեռք ձգելու համար:

 

Leave a Comment